ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը (ՀԴ) յայտարարեց նշանակումը Հայկ Գայսէրեանի՝ իբրեւ ՀԴի գործադիր տնօրէն: Այս յայատարարութիւնը կը հետեւի ՀԴի մէջ վերջերս կայացած փոփոխութիւններէն ետք։
Գայսէրեան, որ երկար ժամանակ ծառայած է ՀԴին եւ ստանձնած զանազան պատասխանատու պաշտօններ աւստրալահայ համայնքին մէջ, յանձնառութիւն կը վերցնէ շարունակելու առաջնորդել Ցեղասպանութեան արդար հատուցում գտնելու համար մղուող պայքարը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ աւստրալական բեմին վրայ ի նպաստ հայ համայնքին տարուող աշխատանքին:
Գայսերեան ունի իր անձնական գործը՝ համակարգչային թուայնական ընկերութիւն, որ իր գրասենեակները ունի Աւստրալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Պահելով հանդերձ իր անձնական գործը, ան կը հրաժարի ազգային բնագաւառներու մէջ տարած իր առօրեայ աշխատանքէն՝ ամբողջապէս կեդրոնանալու համար ՀԴի մէջ ստանձնած նոր գործին:
Գայսէրեան համալսարանաւարտ է եւ «Մաքուարի» համալսարանէն վկայուած է որպէս միտիայի եւ մշակութային գիտութեանց մասնագէտ: Նախքան անձնական գործի սկսիլը, ան աշխատած է իբրեւ լրագրող SBS-ի մէջ:
ՀԴի նորանշանակ ատենապետ Խաժակ Քորթեան իր եւ իր գլխաւորած յանձնախումբին գոհունակութիւնը յայտնեց Գայսէրեանի նշանակման համար: «Ամէն մարդ մեր համայնքին մէջ քաջ գիտէ Հայկին Հայ Դատի աշխատանքին կառչած ըլլալը: Մեր ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ ան ընդունեց առաջարկը՝ ստանձնելու այս խիստ կարեւոր դերը եւ իր ամբողջ ժամանակը տրամադրելու Հայկական Հարցին: Հայկը պիտի տնօրինէ մեր գրասենեակը, որ ունի աշխոյժ եւ խոստմնալից երկու երիտասարդ անդամներ, որոնք բոլորիս զօրակցութիւնը կը վայելեն», յայտարարեց ան:
Գայսէրեան ըսաւ, թէ պատուըուած էր այս դերի տուուչութեամբ եւ պատրաստ էր աւստրալահայ համայնքին ծառայելու ամբողջական նուիրումով: «Կ՛ընդունիմ, որ անձնական գործիս եւ ասպարէզիս ժամանակաւոր դադար տալը անձնական մեծ եւ դժուար որոշում մըն էր, զոր պէտք էր առնէի ընտանիքիս հետ միասին, սակայն համոզուած էի որ նոր դերս ստանձնելով՝ դրական ներդրում պիտի բերէի ՀԴի ճիգին եւ աշխատանքներուն. պատիւ է ինծի քալելու Վարանդ Մկրտիչեանի եւ Վաչէ Գահրամանեանի ոտնահետքերով, որոնց հետ աշխատած եմ երկար տարիներ: Կը խոստանամ վերանորոգուած եռանդ դնել մեր արդարութեան համար մղուող պայքարին, յանուն մեր նախնիներուն, յանուն Արցախի մէջ մշտական խաղաղութեան եւ յանուն ժողովրդավար յառաջընթացին Հայաստանի մէջ եւ յաւելեալ եռանդով կատարելու այն, ինչը կը պահանջուի՝ յօգուտ աւստրալահայ համայնքին կամ դիմագրաւելու բոլոր այն խոչընդոտները, զորս մեր առջեւ կը դրուին մեր հակառակորդներուն կողմէ»:
ՀԴի նորանշանակ փոխատենապետ Վաչէ Գահրամանեան բացատրեց, թէ Գայսէրեան մօտէն պիտի աշխատի երիտասարդութեան հետ, քաջալերելով զանոնք դառնալու գործօն անհատներ յօգուտ Հայկական Հարցին: «Նորութիւն չէ, որ Հայկը շատ մօտ է երիտասարդութեան՝ իբրեւ Գոլստըն Ճեմարանէն եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութենէն շրջանաւարտ: Այդ հանգամանքով ան աւելի եւս պիտի կարենայ ի նպաստ Հայ Դատի աշխատանքներուն մղել յաւելեալ երիտասարդ անհատներ: Մենք շնորհակալ ենք բոլոր գործընկերներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք զօրավիգ կանգնեցան ՀԴին, որոնց շնորհիւ կրցանք միջոցներ ապահովել մեր գրասենեակի պահպանման համար, մեծ բան պարտելով Հայկ Գայսէրեանին, Օլիվիա Տիլանչեանին եւ Մայքըլ Գօլօգօսեանին անվերապահ յանձնառութեան եւ զոհողութեան» աւելցուց Գահրամանեան:
Գայսէրեան պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը Յունուար 2018ին: