ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
Երբեմն մարդ կրնայ ունենալ այնպիսի զգացումներ, զորս բառերով չի կրնար արտայայտել, այլ ուղղակի կ՛ապրի զանոնք:
Այդ զգացումները շատ յաճախ հիմք կը հանդիսանան կեանքին նայելու ուրիշ դիտանկիւնէ…
Շիրակի մարզի Մարալիկ քաղաքի շրջկեդրոնի սահմանապահ գիւղերէն Անիպեմզա, Անիաւան, Բագրաւան, Հայկաձոր, Ջրափի եւ Աղինի գիւղերը, փռուած Բագրատունէաց երբեմնի մայրաքաղաք Անիի հանդիպակաց Ախուրեանի ափին՝ մեր ուսումնասիրական խումբի ուշադրութեան կեդրոններն էին:
Անկախ անկէ, թէ ինչ պայմաններու բերումով եւ հանգամանքով յայտնուած էի հոն, կը բաւէ շփուիլ Շիրակի հողին եւ հողածին այդ գիւղացիներուն հետ՝ գաղափար մը կազմելու համար, թէ որքան ետ է մեր հայրենիքի երկրագործութիւնը ե՛ւ իբրեւ արտադրութիւն ե՛ւ մանաւանդ իբրեւ օգտագործուող ոռոգման համակարգեր ու սարքեր:
Գոյութիւն ունեցող ոռոգման ջուրի խորհրդային ժամանակաշրջանի ցանցերը կը պարզեն ոչ-նախանձելի վիճակ եւ չեն համապատասխաներ մեր գիւղացիներու այսօրուան պահանջներուն:
Մեր գիւղացիները, իրենց կարելիութիւններով՝ շատ ետ են աշխարհի տարբեր երկիրներու երկրագործութիւններէն: Մենք չենք կրնար մատի ետեւ պահուըտիլ… Շքանշանի արժանի հայ գիւղացին, մանաւա՛նդ սահմանապահ հայ գիւղացին՝ Հայաստանի եւ Արցախի ողջ սահմանի երկանքով, արժանի է քաջալերանքի եւ գուրգուրանքի, այլապէս՝ իր բնակչութենէն գրեթէ դատարկուած գիւղերը՝ միմիայն թշնամիին երազն է, զոր պիտի իրականացնեն, մինչ, անծայրածիր մեր հողերու կազմակերպուած ու ծրագրուած օգտագործումը, իր հրաշալի արդիւնաբերութեամբ՝ կեանքի ու կենսունակութեան աղբիւր կրնայ հանդիսանալ հայ մարդուն համար:
Ամէնակարեւոր գործօնները կան՝ բարեբեր հող եւ առատ ջուր…
Տակաւին կան նաեւ հայ գիւղացիներուն մօտ չմարած յոյսի նշոյլներ…
Օ՛ն, ուրեմն, մեր ուշադրութեան կիզակէտը դարձնենք Հայաստանի գիւղերը՝ իրենց երկրագործական ողջ կարելիութիւններով, եւ զանոնք վերածենք համահայկական մտահոգութեան առարկայի, եւ ինչու չէ 1918-2018՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակը հռչակենք ՀԱՅ ԳԻՒՂԱՑԻԻ ՏԱՐԻ, համահայկական մեր ճիգերը կեդրոնացնելով ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԻՒՂԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԷԱՆ Վրայ…