ԷՆՍԻՆՕ.- Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը Շաբաթ, Յունուար 6ին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Ս. պատարագով եւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող Ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութեամբ՝ Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսի ցնծութիւնը տարածելով մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն կեանքին մէջ:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պատարագ մատուցանեց եւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան եւ եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ շրջանի երեսփոխաններ ու ժողովականութեան անդամներ։
Հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, առաջնորդը նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս արժանի ըրաւ Նոր Տարուան բերկրանքը միասնաբար ապրելու ու Ս. Ծննդեան աւետիսի ցնծութեամբ պարուրելու մեր սիրտերն ու հոգիները, եւ մաղթեց, որ խաղաղութիւն տիրէ աշխարհի վրայ եւ սէր ու հաճութիւն՝ մարդոց միջեւ։ Սրբազանը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց թեմի հոգեւորականաց դասուն, Ազգային վարչութեան ու երեսփոխաններուն, պատկան մարմիններուն, նուիրեալներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին՝ աղօթելով, որ Մանկացեալ Փրկիչը վերստին ծնի իւրաքանչիւրին մէջ։
Առաջնորդը իր պատգամին մէջ վեր առաւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան խորհուրդը ու ըսաւ. «Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի, Որդիք մարդկան օրհնեցէք, Զի վասն մեր մարմնացաւ»։ Ան նշեց. «Նոր Արքան մեզի համար մարմնացաւ, մեր Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս մեզի համար մարդացաւ ու մանկացաւ, որպէսզի բնակի իւրաքանչիւրիս հոգիին ու էութեան մէջ»։
Առաջնորդը նշեց, որ Քրիստոսի աշխարհ առաքելութիւնը մարդկութեան տրուած մեծագոյն հրաշքն ու պարգեւն է եւ ինքնին թելադրանք է համեստութեան, խոնարհութեան, հեզութեան, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ։ Ան յիշեցուց, որ Աստուածորդին ծնաւ Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ, աւետիսը հրեշտակներէն առաջին ստացողները եղան հովիւներն ու իմաստուն մոգերը, եւ աւելցուց, որ Յիսուս երկինքէն երկիր իջաւ, որպէսզի մեզ մօտեցնէ եւ նմանցնէ իրեն։
Մարդկութեան տրուած աւետիսն ու փրկչագործութեան պատգամը անժամանցելի են եւ նոյն խորքով ու շեշտադրութեամբ մեր կեանքերուն մէջ ներկայ են նաեւ այսօր, նշեց առաջնորդը՝ շեշտելով. «Ս. Ծննդեան պատգամը պէտք է ուղեցոյց ըլլայ ինքնընծայման, նորոգութեան եւ վերանորոգումի։ Վերանորոգումը կը սկսի աստուածասիրութեամբ, եկեղեցասիրութեամբ ու եղբայրասիրութեամբ»։
Սրբազանը յիշեցուց, որ այս տարի Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի հիմնադրութեան 60ամեակն ու Արեւմտեան թեմի 45ամեակն է, հետեւաբար՝ վերանորոգման պատգամին ընդմէջէն պէտք է վերանորոգուինք այն հաւատքով, այն սիրով ու յանձնառութեամբ, զոր մեր հիմնադիրները ունեցան այն օրերուն, երբ այս ափերուն մէջ անկարելին կարելի դարձուցին ի խնդիր քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան։
Առաջնորդը յորդորեց, որ Ս. Ծննդեան պատգամին անսալով՝ ըլլանք ընկերասէր եւ մարդասէր, մեր ընտանիքները վերածենք Աստուծոյ Ս. խորանին, որպէսզի Յիսուս գայ եւ բնակի այնտեղ։ Ան իր պատգամը աւարտեց աղօթելով առ Աստուած, որ բոլորին հոգիներն ու սիրտերը վերափոխէ խաղաղութեան ու սիրոյ ներգործութեամբ, Աստուծոյ սէրն ու խաղաղութիւնը վերանորոգէ մեր ներաշխարհը եւ վերակենսաւորէ մեր ծառայական ու համայնքային կեանքը։ Սրբազանը նաեւ նշեց, որ 2018ը կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին, եւ կոչ ըրաւ, որ մեր նախնիներուն հաւատքը, հայրենասիրութիւնը, քաջութիւնն ու զոհաբերութիւնը խթան հանդիսանան, թարմացնելու համար հայրենասիրութեան ու ազգասիրութեան ոգին։
Ապա, հոգեւոր հովիւը Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազանը՝ Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան առիթով։ Պատարագի աւարտին, առաջնորդը կատարեց Ջրօրհնէքի արարողութիւն, իբրեւ խորհրդանիշ Քրիստոսի մկրտութեան։ Խաչի կնքահայրն էր ծխական համայնքի զաւակներէն Ճոյի Թիթիզեան։ Առաջնորդ սրբազանը օրհնեց Ճոյին եւ անոր ընդմէջէն մեր բոլոր մանուկները։
Արարողութեանց աւարտին, Ս. Ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ հաւատացեալները Ս. հաղորդութիւն եւ օրհնուած ջուր ստացան՝ Ս. Ծննդեան օրհնութիւնները տանելով իրենց օճախները։
ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի վաղորդայնին, Կիրակի, Յունուար 7ին, ննջեցելոց յիշատակի արարողութիւններ տեղի ունեցան Հոլիվուտ Հիլզի եւ Կլենտէյլի գերեզմանատուներուն մէջ, ի յիշատակ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած սիրելիներուն եւ հարազատներուն։ Առաջնորդ սրբազանը նախագահեց Հոլիվուտ Հիլզի Hall of Liberty-ի արարողութեան։