ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կլենտէյլի, Պըրպենքի եւ Լա Քրեսենթայի բնակչութիւնը շուրջ 350,000 կը հաշուէ, եւ այդ թիւին մէջ զգալի համեմատութիւն կը կազմէ տեղի հայութիւնը:
Հայկական ներկայութեան խօսուն ապացոյցներէն է, անշուշտ, ա՛յն իրողութիւնը, որ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի հինգ անդամներէն չորսը հայեր են, ներկայ քաղաքապետը հայ է (Վարդան Կարապետեան), որուն պիտի փոխարինէ դարձեա՛լ հայազգի Զարեհ Սինանեանը:
Թէեւ մեր այսօրուան նիւթէն դուրս կ՛իյնայ, բայց պէտք է նշել, որ Մեծն Լոս Անճելըսի քաղաքական կեանքին մէջ եւս հայկական ազդեցիկ ներկայութեան փաստ է Փօլ Գրիգորեանի ներկայութիւնը: Նոյնը կարելի է պնդել, անշուշտ, նահանգային մակարդակի վրայ՝ ունենալով Ատրին Նազարեանի օրինակով քաղաքական դէմք մը: Բայց վերադառնանք վերոնշեալ երեք շրջաններուն:
Այս երեք շրջաններու հասարակական կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ հայերու ներդրումը զգալի է: Նաեւ, մասնագիտական ծառայութիւններու (առողջապահութիւն, իրաւաբանութիւն, դեղագործութիւն, մանկավարժութիւն, ճարտարապետութիւն, ճարտարագիտութիւն, եւ այլն) ու գործարար աշխարհի (առեւտուր, շինարարութիւն, արհեստներ, եւ այլն) մէջ շեշտուած եւ պատկառելի ներկայութիւն ենք:
Այս բոլորով հանդերձ, տակաւին հայկական իւրայատուկ դիմագիծ մը ինքզինք յայտնի չի դարձներ այս քաղաքներուն մէջ:
Նախ պէտք է ճշդել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայկական իւրայատուկ դիմագիծ: Ոչ-հայ շրջանակներու մօտ, շուկայի մակարդակի վրայ հայկական դիմագիծի նախատիպեր կա՛ն. կաշուէ նստարաններով սեւ ինքնաշարժներու տէրեր, աղմկարար եւ անզգոյշ արագութեամբ քշող վարորդներ, բարձրաձայն խօսող ու երաժշտութիւն ունկնդրող հարեւաններ, եւ այլ ընդհանրացած ու երեւակայելի կարծրատիպային գիծեր:
Մեր տեսանկիւնէն, հայկական դիմագիծը պէտք է զգալի ըլլայ հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ քաղաքներու ընկերային միջավայրէն ներս ապահովելով հայկական ներկայութեան դրոշմ մը, թերեւս պարզապէս կազմակերպուած ներկայութիւն մը:
Քաղաքացիական հասարակութեան մէջ գործօն մասնակցութիւն՝ թաղային խնդիրներէն մինչեւ կրթական (վերակացուներ, քոլեճ), հանգիստի, ժամանցի, տարեցներու, իրաւական (ոստիկանութիւն, դատական) ու առողջապահական (հիւանդանոցներ) կառավարման օղակներու մէջ: Այս բոլորին մէջ կա՛նք, ներկայութի՛ւն ենք: Բաւարա՞ր է այդքանը: Աւելին կրնա՞նք ընել: Պէ՞տք է ընենք: Այս ոլորտներէն ներս հայկական ներկայութիւնը որեւէ ձեւով արտացոլուա՞ծ է հայկական համայնքին մէջ: Բարձրագոյն մակարդակ դրսեւորած հայ անհատներու ներդրումը կը նկատուի՞ մեր հաւաքական կեանքին մէջ:
Դիմագիծ մնացա՞ծ է: