Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը Տիեզերական եկեղեցւոյ 36րդ վարդապետ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած նոր նախաձեռնութեան մը պիտի սկսի:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի՝ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան:
«2016ին, Հռոմի Սանթա Չեչիլիա Ազգային ակադեմիոյ հանրայայտ երգչախումբին կողմէ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացի եկեղեցւոյ մէջ, Ալֆրետ Շնիթկէի՝ «Խառն երգչախումբի համար քառամաս համերգ»ի հիանալի կատարումը տպաւորած էր հիւրերը:
Համերգը նուիրուած էր Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուելուն: Ստեղծագործութեան ընտրութիւնը պատահական չէր. Ալֆրետ Շնիթկէ 1984-1985ին, քառամաս համերգը ստեղծած է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գործի երրորդ գլուխին հիման վրայ:
Այդ երեկոյեան, համերգի աննկարագրելի ուժի տպաւորութեան տակ, Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խումբը որոշեց Տիեզերական եկեղեցւոյ 36րդ վարդապետին նուիրուած նոր նախաձեռնութեան մը սկսիլ: Այժմ հերթը միտքի եւ քանդակի վարպետներունը պիտի ըլլայ…», յայտարարեց դեսպան Մինասեան: