ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 25 Յունուարին, Արցախի լրագրողներու միութեան յարկին տակ, Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը կազմակերպեց քննարկում մը՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծննդեան 150 եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100ամեակին:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ քննարկման ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան, որ մասնաւորապէս նշեց, թէ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած՝ «Անի» կեդրոնի համակարգող Թաթուլ Յակոբեան կատարած է հետաքրքրական եւ կարեւոր ուսումնասիրութիւններ, զորս ամփոփած է վերջերս հրատարակած իր գիրքերուն մէջ:
Թ. Յակոբեան, ներկայացնելով «Անի» կեդրոնի հրատարակած վերջին երկու հատորները, յատկապէս յայտնեց, որ երկուքն ալ շատ հակասական գիրքեր են:
«Ես կը կարծեմ, որ մեր պատմութեան իւրաքանչիւր էջը պէտք է դնենք սեղանին եւ քննարկենք, եւ այս մէկը պէտք է կատարուի ո՛չ թէ քաղաքական ուժ մը կամ որեւէ շարժում դատապարտելով, այլ՝ անոնցմէ սորվելով. ինծի համար սկզբունքային կէտը այդ է», ըսաւ Թ. Յակոբեան՝ աւելցնելով, որ նշուած գիրքերէն մէկը՝ Ռուբէն Տէր Մինասեանի հեղինակած «Հայաստանի Հանրապետութիւն»ը, կը վերաբերի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 1919ին կայացած ամենաերկար ՀՅԴ ժողովին, որ կը պատմէ մինչեւ այն օրը, երբ ճնշուեցաւ Հայաստանի մէջ մայիսեան բոլշեւիկեան ապստամբութիւնը:
Ըստ հեղինակին՝ Ռ. Տէր Մինասեանը հայ քաղաքական միտքի պատմութեան մէջ իւրայատուկ էր այն բանով, որ շատ այլընտրանքային տարբերակներ կ՛առաջարկէր, միշտ ո՛չ յստակ ձեւով կը մօտենար հարցերուն՝ յատկապէս Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն գծով: Այդ առնչութեամբ, ան որոշած է գիրքը առանձին հրատարակել եւ զայն լուսարձակի տակ դնել, որովհետեւ անիկա նաեւ լաւ օրինակ է, թէ ինչպէս կուսակցական գործիչը հանգիստ կրնայ քննադատել այն կուսակցութիւնը, որուն անդամ եղած է:
Խօսելով երկրորդ գիրքին մասին՝ Թ. Յակոբեան յայտնեց, որ անիկա Սապահ Կիւլեանի «Պատասխանատուները» հատորի արեւելահայերէն տարբերակին վերահրատարակումն է:
«Սապահ Կիւլեանը Հնչակեան կուսակցութեան առաջնորդներէն էր: Ան առաջին շփումները հաստատած է երիտթուրքերու հետ. այդ յարաբերութիւնները հաստատած է դեռ Փարիզի մէջ‘ իր ուսանողութեան շրջանին: Գիրքին մէջ յատկապէս քննադատած է հայ վաճառականները, եկեղեցին, Դաշնակցութիւնը, եւ առաջին գործիչն էր, որ դեռ 1900ականներու սկիզբը կը բարձրաձայնէր, որ թուրքերը մեզ կը կոտորեն, եւ անոնց հետ պէտք չէ համագործակցիլ», ըսաւ Թ. Յակոբեան:
Անդրադառնալով Յովհաննէս Քաջազնունիի կեանքին եւ գործունէութեան՝ Յակոբեան ներկայացուց անոր՝ մարդու, քաղաքացիի, պետական-կուսակցական գործիչի կերպարը, անոր վարչապետութեան շրջանին Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, ապա պատասխանեց ներկաներու կողմէ ուղղուած հարցումներուն: