Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ անցնող Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Համազգայինի Գանատայի ընտանիքը համալրուեցաւ չորրորդ մասնաճիւղով մը: Վանքուվըր հաստատուած համազգայնականներ միասնաբար հիմը դրին տեղւոյն «Վարագ» մասնաճիւղին եւ ընտրեցին եօթնանդամ վարչութիւն մը, որ կը ծրագրէ աշխոյժ մշակութային գործունէութիւն ծաւալել Վանքուվըրի հայ գաղութին մէջ:
Նշենք, որ Համազգայինի մասնաճիւղեր արդէն տարիներէ ի վեր կը գործեն Գանատայի Մոնթրէալ, Թորոնթօ եւ Քեմպրիճ քաղաքներուն մէջ: