ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 2017ի Մարտին, հոլանտաբնակ թուրքերու հետ հանդիպման նպատակով, օդային ճամբով Հոլանտա մեկնած էին թուրք նախարարներ Մեւլուտ Չաւուշօղլու եւ Ֆաթմա Քայա, սակայն անոնց չէր արտօնուած, որ երկիր մուտք գործեն։ Օրին, նախարարներու այցելութեան նպատակն էր 2017ի Ապրիլին կայանալիք սահմանադրական հանրաքուէէն առաջ քարոզարշաւ իրականացնել։ Աւելի ուշ, ցամաքային ճամբով Հոլանտա մուտք գործած նախարար Քայան դարձեա՛լ արտաքսուած էր այդ երկրէն։ Թուրք պաշտօնեաներուն մուտքի արտօնութիւն չտրամադրելու պաշտօնական պատճառաբանութիւնն այն էր, որ Հոլանտայի իշխանութիւնները չէին ուզեր, որ թուրք նախարարները քարոզչութիւն իրականացնեն իրենց երկրին մէջ։
Այս դէպքերէն ետք, երկու երկիրները ետ կանչեցին իրենց դեսպանները՝ խորհրդակցական ժողովներու համար, ապա Թուրքիա չարտօնեց, որ Հոլանտայի դեսպանը Անգարա վերադառնայ։
Յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ջանքերուն ձախողութեան իբրեւ հետեւանք, Հոլանտա Երկուշաբթի, Փետրուար 5ին պաշտօնապէս ետ կանչեց Անգարա վերադառնալու արտօնութենէն զրկուած իր դեսպանը։ Հոլանտա նաեւ մերժեց նոր դեսպան մը նշանակելու Թուրքիոյ առաջարկը։
Այս առթիւ, Հոլնատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի. «Այնքան ատեն, որ մենք Թուրքիոյ մօտ դեսպան չունինք, Հոլանտա պիտի չարտօնէ, որ Թուրքիա նոր դեսպան նշանակէ Հոլանտայի մէջ։ Այս նոր որոշումով դադար կը տրուի Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն»։