ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւ Հայաստանի մօտ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էյճի Թակուչի Ճափոնի դեսպանատան մէջ, Ուրբաթ, 16 Փետրուարին ստորագրեցին «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կենտրոնի՝ հնագիտական գտածոների վերականգնման եւ պահպանման սարքաւորումների բարելաւման ծրագիր» դրամաշնորհի համաձայնագիրը:
69,700,000 ճափոնական եէնի դրամաշնորհով (համարժէք 315 միլիոն դրամի եւ շուրջ 654 հազար ամերիկեան տոլարի) պիտի լուծուին «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կենտրոն»ի պահեստին մէջ գտնուող՝ պեղումներու արդիւնքով կուտակուած հսկայական հնագիտական արժէքներու, ճարտարապետական կոթողներու՝ լաւագոյն միջոցներով վերականգնման հարցերը, եւ կեդրոնի հնագիտական վերականգնման գիտավերլուծարանին համար ձեռք պիտի բերուին նորագոյն սարքեր: