
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը, ամբողջ տարին ջանք չի խնայեր զանազան ծրագիրներով օգտակար հանդիսանալու ջաւախքահայութեան կեանքի բարելաւման գործին: Այս նպատակով, Վրաստանի հարաւային Ջաւախք շրջանին մէջ, յանձնախումբը կը հովանաւորէ երեք երիտասարդական կեդրոններ, որպէսզի ջաւախքահայութեան գոյատեւման գլխաւոր առանցքը հանդիսացող երիտասարդութիւնը կառչած մնայ իր հողին եւ տէր կանգնի իր պապենական ժառանգին:
Այսուհանդերձ, որպէսզի Ջաւախքի կարեւորութիւնը յատուկ շեշտաւորում ունենայ շրջանի հայութեան մօտ, յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ Մարտ ամիսը հռչակուած է «Ջաւախքի Ամիս»: Ամիսը պիտի յատկանշուի հրապարակային, քարոզչական, հանգանակային, աշակերտական եւ այլ հետաքրքրական ծրագիրներով, որոնց ընթացքին հանրութեան պիտի ծանօթացուի Ջաւախքի պատմական կարեւորութիւնը, Հայաստանի մէկ մասնիկը ըլլալու իրողութիւնը եւ ջաւախքահայութեան կարիքներուն հասնելու հրամայականը:
Այս իմաստով, յանձնախումբի Մարտ ամսուան առաջին ձեռնարկը ընկերային երեկոյ մըն է, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2018ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Գաւառ» ճաշարանը (4777 Santa Monica Blvd., Los Angeles, CA 90029): Ձեռնարկին իբրեւ մուտքի նուէր որոշուած է 50 տոլար: Երեկոն պիտի խանդավառէ սիրուած երգիչ Գօգօ Հայիթեան:
Կարեւոր այս ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Ախալցխայի Երիտասարդական կեդրոնի վերանորոգման ծախսերուն. սոյն կեդրոնը մեծ դեր կը խաղայ շրջանի երիտասարդութիւնը համախմբելու էական գործին մէջ:
Յայտնենք, թէ Ախալցխայի Երիտասարդական կեդրոնը ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանին հովանաւորած երեք կեդրոններէն առաջինն է, որուն բացումը կատարուեցաւ 2006ին. անիկա կարեւոր միջոց կը հանդիսանայ վրացահայ երիտասարդութեան՝ իրարու հետ մտերմանալու, դուրսի աշխարհին հետ հաղորդակցելու, գիտելիքներու հորիզոնը ընդարձակելու, ինքնութիւնը պահպանելու եւ հայրենի մեր բերրի հողերը մշակելու:
«Ջաւախքը Հայաստանի մէկ մասնիկն է», «Ջաւախքին զօրակցիլը մեր պարտականութիւնն է» կարգախօսերով առաջնորդուող այս յանձնախումբը, 2001էն ի վեր աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ շրջանէն ներս, եւ տարեկան իր հանգանակային, դաստիարակչական ու գործնական զանազան նախաձեռնութիւններով կը խրախուսէ շրջանի հայութիւնը՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն:
Յանձնախումբին ակնկալութիւնն է, որ շրջանի հայութիւնը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս զօրակցի յանձնախումբին եւ իր ներկայութեամբ քաջալերէ ի նպաստ Ջաւախքի կազմակերպուած սոյն ձեռնարկը:
Տոմսերու ապահովման եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կարելի է հեռաձայնել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (818) 500-1343 թիւով, կամ յանձնախումբի անդամներէն Հերմինէ Բարսեղեանին՝ (714) 417-0534 թիւով: