Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Չորեքշաբթի առաւօտ այցելեց Տէր Զօր՝ մօտէն տեղեակ դառնալու Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ համալիրին կրած վնասներուն: Առաջնորդ սրբազանը ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ նախ այցելեց Տէր Զօրի նահանգապետին եւ անոր փոխանցեց վեհափառին ողջոյնները, ապա ան այցելեց Սրբոց Նահատակաց համալիր: Վերադարձին, առաջնորդ սրբազանը զեկուցեց կաթողիկոսին իր կատարած այցելութեան մանրամասնութիւններուն մասին: Նշենք, որ Արամ Ա., ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Տէր Զօրի շրջանին ապահովութեան կայունացումէն ետք, անմիջապէս կոչ պիտի ուղղէ մեր ժողովուրդին, որպէսզի համազգային ճիգով վերանորոգենք ցեղասպան թուրքին կողմէ անգամ մը եւս քանդուած նահատակներուն տաճարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.