ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ի՞նչ պիտի ըլլայ տպագիր թերթի ապագան: Նոր ժամանակներու արհեստագիտութիւնը անշուշտ միայն տպագիր մամուլի ապագային չէ, որ կը սպառնայ:
Այսօր լուրջ տագնապ կը դիմագրաւեն նոյնիսկ հեռատեսիլի կայանները, անոնց գրեթէ բոլոր ծրագիրները, ներառեալ՝ լրատուականը:
Այսօր լուրջ տագնապ կը դիմագրաւեն նաեւ շարժապատկերի աշխարհը, շարժապատկեր արտադրող ընկերութիւնները:
Հանրութիւնը այսօր իր տրամադրութեան տակ ունի իր հետաքրքրութիւնները գոհացնող ուրիշ հարթակներ, որոնք ամէն օր աւելի եւս կը բազմանան՝ աւելի անմիջականութիւն տրամադրելով, սակայն՝ զիջելով խորք ու բովանդակութիւն:
Տպագիր թերթի տագնապը ամէնէն առաջ զգալի դարձաւ եւ կը շարունակէ խորանալ: Մեծ թերթեր սնանկութեան եզրին հասած են՝ նուազագոյն թիւով լրագրողներ պահելով իրենց անձնակազմին մէջ, հետեւաբար՝ խեղճանալով որակի ու ընդգրկման տեսակէտէն:
Մեր վիճակը տարբեր չի կրնար ըլլալ: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ մենք, բազմաթիւ այլ առարկայական պատճառներու բերումով, վաղուց արդէն նուազագոյն պայմաններով աշխատելու վարժութիւն ձեռք ձգած ենք: Իսկ ասկէ աւելին՝ արդէն տպագիր մեր գոյութեան իսկակա՛ն սպառնալիք կը դառնայ: Շնորհիւ մեր ընթերցողներու, հովանաւորներու եւ համայնքի աջակցութեան սակայն, մենք տակաւին կը դիմանանք, նոյնիսկ կը փորձենք նոր ծրագիրներու մասին մտմտալ:
Յամենայնդէպս, մենք ալ անտարբեր չենք կրնար մնալ նորութիւններու հանդէպ: Օրինակ, եւ այս մէկը՝ մանաւա՛նդ երիտասարդներ ներգրաւելու համար մեր հաղորդակցութեան շրջանակին մէջ, կը ծրագրենք Podcast-ի սկսիլ. նախնական խորագիրն ալ որոշած ենք՝ «Ասպարէզ Կը Կարդանք», առաջին հերթին՝ բոլո՛ր տեսակի տագնապներուն։