ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պերլինի մէջ կայացող ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան յաւակնորդներու մրցաշարքի երկրորդ մրցումին, Լեւոն Արոնեան հաւասարութեամբ աւարտեց ատրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովի դէմ մրցումը:
Արոնեան, որ առաջին մրցումը եւս հաւասարութեամբ աւարտած էր չինացի Տին Լիրենի դէմ, երրորդ խաղը պիտի ունենայ ռուս Վլատիմիր Քրամնիքի դէմ:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կատարած է Արոնեանի առաջին մրցումին առաջին շարժումը։