ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Անգլիոյ բարձրագոյն մրցաշարքի հերթական խաղին ու փայլեցաւ իր խաղարկութեամբ։ «Ուաթֆըրտ»ի դէմ մրցումը աւարտեցաւ «Արսենալ»ի 3-0 յաղթանակով։ Մրցումի 59րդ վայրկեանին, Մխիթարեան դաշտի կէսէն յառաջանալով՝ հոյակապ կօլային փոխանցում մը կատարեց Օպամէյանկին, որմէ 18 վայրկեան ետք, այս անգամ Մխիթարեանն էր, որ կօլային փոխանցում մը ստացաւ նոյն մարզիկէն՝ նշանակելով մրցումին երկրորդ կօլը։
Մխիթարեան իր խումբի համակիրներուն կողմէ ընտրուեցաւ սոյն մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը։