ՄԱՆՈՒՇԱԿ ԺԱՄԱԳՈՐԾԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Մայիս 5, 1944ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Մանուշակ Ժամագործեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, Մարտ 11, 2018ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2018ին, կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 1614 N. Alexandria Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Միհրան Ժամագործեան
Զաւակը՝ Աւօ եւ Ռոզմերի Ժամագործեան եւ զաւակները՝
Նանոր, Սարին եւ Միհրան
Զաւակը՝ Յովիկ Ժամագործեան
Քոյրը՝ Զարմինէ եւ Ֆիլիփ Մերզեան
Քրոջ զաւակը՝ Տէյվիտ եւ Աննա Մերզեան եւ զաւակները
Քրոջ զաւակը՝ Մայքըլ Մերզեան
Տալը՝ Շաքէ Մարտիրոսեան եւ զաւակները՝ Գէորգ եւ Արա (Հալէպ)
Տագրը՝ Վահէ եւ Նունէ Ժամագործեան
Տագրոջ դուստրը՝ Սուսաննա եւ Լեւոն Ալեքսանտր եւ ընտանիք
Տագրոջ դուստրը՝ Նանոր եւ Սամի Թապիպ
Եւ համայն Յակոբեան, Փափազեան, Մութաֆեան եւ Էլմաստեան ընտանիքները,
հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave.
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Manoushag Jamakordzian Memorial Fund-ին, ի նպաստ Հալէպի Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ազգային Պատսպարանին։