ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեան-Խաչատուրեան Քալիֆորնիա կ՛այցելէ թանգարանի առաքելութիւնը եւ գործունէութեան տարբեր երեսները ներկայացնելու համար համայնքին, շարք մը հանդիպումներու միջոցաւ։
Ինչպէս հաղորդած ենք արդէն, Մարտ 22ին Նարինէ Թուխիկեան-Խաչատուրեան ելոյթ պիտի ունենայ Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street), իսկ Մարտ 25ին, առաւօտեան ժամը 11ին ներկայ պիտի ըլլայ ՀՕՄի նորաձեւութեան ցուցահանդէսին, ապա Մարտ 26ին նաեւ Ֆրեզնօ պիտի այցելէ։
Մարտ 27ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway) ան պիտի ներկայացնէ թանգարանին հրատարակած գիրքերէն երկուքը՝ «Յովհաննէս Թումանեան Եւ Իշխանուհի Մարիամ» նամականին եւ «Մտքեր»ը։ Զայն պիտի ներկայացնէ Արմինէ Գունտաքճեանը:
Այս ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։
Մարտ 28ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Համազգայինի նախաձեռնութեամբ պիտի կայանայ ծանօթացման ձեռնարկ մը՝ «Գարամանուկեան» կեդրոնի «Գազանճեան» սրահին մէջ (211 W. Chestnut St., Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից)։
Թանգարանին ծանօթացման ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Մարտ 29ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ (117 S Louise St.)։
Նարինէ Թուխիկեան-Խաչատուրեան ծնած է Երեւան: Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի լրագրական բաժինէն շրջանաւարտ է: Ուսանողական տարիներէն սկսեալ աշխատած է պատկերասփիւռի կայաններու մէջ եւ շարք մը յայտագիրներու հեղինակ է: Ան նաեւ կատարած է շարք մը թարգմանութիւններ եւ հեղինակ է բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք տպագրուած են Հայաստանի եւ միջազգային թերթերու մէջ։ Ան նաեւ շարք մը գիրքեր խմբագրած եւ հեղինակած է: 2007էն ի վեր, ան ստանձնած է Թումանեանի անուան թանգարանի տնօրինումը: Թանգարանը 2011էն ի վեր, արդի արհեստագիտութեան ընձեռնած կարելիութիւններէն օգտուելով՝ յաւելեալ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ այցելուներուն մօտ: Նկատի ունենալով, որ թանգարանը մաս կը կազմէ Թանգարաններու միջազգային խորհուրդին (ICOM), անիկա կը մասնակցի այդ կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող միջազգային գիտաժողովներուն:
2013ին, ICOMի՝ «Աշխարհի թանգարանային լաւագոյն փորձ» անուանակարգին մէջ տրուող 5 մրցանակներէն մէկը շահած է Թումանեանի թանգարանը՝ Ն. Խաչատուրեանի հիմնած «Երկնքից երեք խնձոր ընկաւ…» հեքիաթասացութեան եւ բարբառի փառատօնին համար: Իսկ 2019ին, թանգարանը մեծ շուքով կը պատրաստուի նշելու Թումանեանի ծննդեան 150ամեակը: