ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Պատրիարքարանին մէջ հիմնուեցաւ Պոլսոյ պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը, որուն անդամները Չորեքշաբթի, 21 Մարտին, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի առաջնորդութեամբ պատրիարքարանին մէջ գումարեցին իրենց անդրանիկ ժողովը։ Ներկայ էին սոյն մարմինի 12 անդամները, որոնք են՝ Պետրոս Շիրինօղլու, Արէտ Երկանեան, Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Նատիա Թաշէլ, Հայկ Ասլանեան, Վազգէն Պարըն, Հերման Պալեան, Հրանդ Մոսկովեան, Եսայի Տէմիր, փրոֆ. Աւետիս Հաճընլեան, Ռ. Հատտէճեան եւ Արա Գոչունեան։
Ժողովին ընթացքին Արամ արք. Աթէշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ ընդունած են անդամակցիլ Խորհրդակցական մարմինին եւ յիշեցուց որ ասկէ առաջ՝ Մեսրոպ սրբազան կամ Շնորհք սրբազան պատրիարք հայրերու շրջանին ալ կը գործէին Խորհրդակցական մարմիններ, Խորհրդակցական մարմինը պատրիարքարանին ու հանրային կեանքին մէջ ցցուած հարցերու մասին թելադրութիւններ պիտի ընէ կամ պիտի ընդունի որոշումներ, որոնք ընդունելի պիտի ըլլան նաեւ պատրիարքարանին կողմէ։
Խորհրդականները, իրենց կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ իրենց յանձնուած է այսպիսի պատուաբեր պարտականութիւն մը։ Մօտաւորապէս երկու ժամուան ժողովին ընթացքին ներկաներն ու Արամ սրբազան օրակարգի բերին պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ ստեղծուած վիճակը, դիտել տուին որ Ս. Զատկուան նախօրեակի այս օրերուն, համայնքն ու մեր եկեղեցական համակարգը ժամանակներէն աւելի պէտք ունին համերաշխ ու միասնական ոգիի մը, ուստի որոշեցին որպէս առաջին գործ՝ համերաշխութեան ու միասնութեան, փոխադարձ սիրոյ ու վստահութեան կոչ ընել ժողովուրդին։ Այս ուղղութեամբ պատրաստուեցաւ հաղորդագրութիւն մը որ պիտի հրատարակուի շուտով։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»