ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՄԸՄի Անթիլիասի պասքեթպոլի կանանց խումբը Կիրակի, Մարտ 25ին, երրորդ անգամն ըլլալով նուաճեց Լիբանանի պասքեթպոլի կանանց Ա. դասակարգի ախոյեանի տիտղոսը՝ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, «Ռիատի» խումբին դէմ կայացած աւարտական երրորդ մրցումը յաղթելով: Խումբերուն միջեւ այս երրորդ ճակատումը վերջ գտաւ ի նպաստ ՀՄԸՄին՝ այս անգամ 83-46 յոյժ տպաւորիչ արդիւնքով: Նշենք, որ երկրորդ մրցումը աւարտած էր 55-53 արդիւնքով, իսկ առաջինը՝ 70-52 արդիւնքով։
Մարտ 25ին տեղի ունեցաւ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղամարդոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի գագաթի ճակատումը՝ դարձեալ ՀՄԸՄի եւ «Ռիատի»ի միջեւ: Այս մրցումը եւս վերջ գտաւ ՀՄԸՄի շռնդալից յաղթանակով՝ 98-69 արդիւնքով։ ՀՄԸՄի տղոց խումբը այս յաղթանակով ամրապնդեց ընդհանուր դասաւորման մէջ պարագլուխի իր դիրքը: