Քիեւի Ռերիխի անուան հանրային գրադարանին մէջ արդէն մէկ ամիսԷ ի վեր կը գործԷ հայկական մշակոյթի «Նաւասարդ» թանգարան-սրահը: Պատմականօրէն այնպէս դասաւորուած է, որ գրադարանը երկար ժամանակ համագործակցած է հայ համայնքին հետ, առ այդ, որոշում ընդունած է հայկական մշակոյթին, գրականութեան ու արուեստին նուիրուած սրահ բանալ:
«Անալաթիք.իւ. էյ»ը կը տեղեկացնէ, թէ Քիեւի Հայ համայնքի կանանց կոմիտէի եւ գրադարանի ներկայացուցիչներու համատեղ ջանքերով հաւաքուած են մեծ թիւով գիրքեր, նկարներ եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան այլ նմուշներ:
Թանգարան-սրահի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Մայրենի լեզուի միջազգային օրը՝ 21 Փետրուարին, Ռերիխի անուան գրադարանին մէջ, որ կը գտնուի Քիեւի Երեւանեան 12 հասցէին մէջ, որ ինքնին խորհրդանշական է:
Նշենք, որ այժմ Ուքրանիոյ մէջ կ՛ապրի բազմահազարանոց հայ համայնք մը հանրապետութեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, ուր կան եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ կը գործեն հասարակական-մշակութային կազմակերպութիւններ: