Մ. Լ.
Ֆրանսախօսութեան օրուան նախօրեակին՝ Երկուշաբթի, Մարտ 19ին, Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ մը, ներկայութեամբ միջազգային այս կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն, ֆրանսախօս երկիրներու մէկ տասնեակէ աւելի դեսպաններու, որոնց կարգին՝ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի, եւ բազմահարիւր հանդիսատեսներու: Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան նախագահ, ԵՈՒՆԵՍՔՕի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Մարթեն Միշըլէի բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցան եւ յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան «Պրիւսէլի եւ Վիեթնամի հնգեակ»ը, Փաթրիսիա Աթալլահ (Լիբանան), Հանտելօ (Թունուզ), Հազոլահի (Մատակասքար), «Վալի Պողան Պենտ» (Մոլտաւիա)՝ ներկայացնելով երգ ու երաժշտութեամբ շաղախուած իւրայատուկ եւ շատ գեղեցիկ յայտագիր մը (ճազ ֆիւզիոն, մանկալիպա, քնարական երգեր, արեւելեան մեղեդիներ, միջերկրականեան երաժշտութիւն եւ մալկաշական բազմաձայն երգ), որուն երբեմն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ խանդավառ բազմութիւնը:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի բեմէն բազմիցս յայտարարուեցաւ յառաջիկայ Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովին մասին եւ առ այդ խօսք տրուեցաւ Հայաստանի դեսպանին: Վերջինս իր ելոյթին ընթացքին ընդգծելով ֆրանսերէնի եւ հարուստ մշակոյթի կարեւորութիւնը՝ նշեց, թէ ֆրանսախօսութիւնը կ՛ամրապնդէ ժողովուրդներու միջեւ զօրակցութիւնը եւ խթան կը հանդիսանայ պայքար մղելու ատելութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ, միաժամանակ պաշտպան հանդիսանալով ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն: Վեհաժողովին բնաբանն է՝ «Ապրիլ միասին՝ յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանսախօս երկիրներու տարածաշրջանին մէջ»:
«Հպարտ եմ որ Հայաստանին վստահուած է այդ կարեւոր ժողովի կազմակերպութիւնն ու բազմահազար մասնակիցներու հիւրընկալութիւնը, որ միաժամանակ մեր ուսերուն դրուած մեծ պատասխանատւութիւն մըն է, որ անպայման պիտի յաջողինք», նշեց Չիտեչեան՝ յիշեցնելով որ վեհաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ Forum economique de la francophonie-ն, ինչ որ ինքնին կարեւոր իրադարձութիւն մըն է:
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան համտեսելու տարբեր ժողովուրդներու գինին եւ յատկապէս հայկական քոնեաքը…։
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»