ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը տեղեկացնէ,
թէ Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւանց ներկայացուցիչի գրասենեակին հետ գործակցաբար, այս տարի պիտի իրականացնէ իրաւական մարզին մէջ իր անդրանիկ վարժողական ծրագիրը՝ Ստեփանակերտի մէջ։
Այս նախաձեռնութան իրականացման համար, Հայ իրաւաբանական միութիւնը մօտէն կը գործակցի Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւանց ներկայացուցիչ Ռուբէն Մելիքեանի հետ, իսկ ծրագիրը հիմնուած պիտի ըլլայ մարդկային իրաւունքներ ջատագովելու եւ ժողովրդավարական կառոյցներ հաստատելու ու զարգացնելու ջանքերուն վրայ։
Արցախի մէջ Հայ իրաւաբանական միութեան անդրանիկ վարժողական ծրագիրին պիտի մասնակցին իրաւաբանական ճիւղի ուսանողներ՝ Անահիտ Սարգսեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն) եւ Դաւիթ Աւագեան («Նոթըր Տամ»), որոնք Հայաստան հասակ նետած են եւ այժմ կը մասնագիտանան Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն սերտ առնչութիւն ունին Հայաստանի եւ Արցախի հարցերուն հետ։