ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Գրեթէ ամբողջութեամբ իշխանութեան խօսափողը դարձած Թուրքիոյ մամուլին մէջ սակաւաթիւ ընդդիմադիր թերթերէն՝ «Ազատատենչ Ժողովրդավարութիւն»ը («Էօզկիւրլիւքչիւ Տեմոքրասի») եւս անցեալ շաբաթ ենթարկուեցաւ ոստիկանական խուզարկումի, եւ ոստիկանութիւնը փակեց այս թերթին տպարանը եւս:
Այս զարգացումէն ետք, նոյն տպարանին մէջ տպուող քրտերէն «Վելատ» թերթն ալ ինքնաբերաբար դուրս մնաց գրաւոր մամուլի շուկայէն, քանի որ անոր օրինակները տեսնելով՝ ոչ մէկ տպարան համարձակեցաւ զայն հրատարակել: Ուստի, «Վելատ»ը պատճէնահանելով թերթը ընթերցողներուն առաքելու եղանակին դիմեց, սակայն իրականութեան մէջ այս եղանակը կարելի չէր տպագրութեան դրութեան այլընտրանք մը համարել: Հետեւաբար, թերթին խմբագրութիւնը յայտարարեց, որ այդ քայլը միայն խորհրդանշական իմաստ ունէր եւ որ այսուհետեւ իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակուի միայն համացանցի միջոցով: Կ՛արժէ նշել, թէ նախորդ շաբաթավերջին վաւերացուած պետական նոր կարգադրութեամբ՝ համացանցային մամուլը եւս կը դատապարտուի գրաքննութեան, եւ պատկերասփիւռի ու ձայնասձիւռի հաղորդումները քննող յանձնախումբը, որ ազատ լրատուութիւնը քաջալելող մարմին մը չէ, պաշտօնակոչուած է համացանցային լրատուութիւն եւս հսկելու գործին: