ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդիկ յաճախ ոչնչութիւն կը համարեն մժեղը: Ճահիճի ու նեխածութեան ծնունդ այս թեւաւոր միջատը իր ներկայութիւնը կը փաստէ դունչին ծայրը հաստատուած խայթոցին պատճառած կարմրութեամբ եւ այրոցով մեր մորթին վրայ, ինչպէս նաեւ մեր ականջին տակ անոր նուագած տհաճ նուագարանով:
Մժեղին ոչնչութիւն ըլլալուն փաստը, մարդոց ափին մէջ անկնկալ ճմլուելու եւ իր ծծած մէկ կաթիլ արեան հետ շաղուելու ակնյայտ երեւոյթն է: Մարդը յաճախ երկա՜ր համբերելով կը հետեւի իր ականջին շուրջ պար բռնած նուագածուի շարժումներուն, ու ի վերջոյ իր թակարդը կը ձգէ զիկ-զակներով թռչող հաճոյասէր երաժիշտը, ջարդելով անոր միալար նուագարանը:
Ցաւագար մժեղը եթէ իմանա՜ր, թէ այդ ափէ թակարդը իրեն կը հետեւէր երկար ժամանակ, կը հրաժարէր երաժշտական համոյթ կազմակերպելէ, ու մանաւանդ կը մերժէր որեւէ նուագախումբի անդամ դառնալ: Վերջապէս, որո՞ւ համար ոգորէր ան եւ ի՞նչ նպատակ կրնար հետապնդել իր ոգորումը: Թերուս աշակերտի նման անիկա պիտի փորձէ միշտ հաւասարիլ իր նախկին դպրոցի պատի թերթին վրայ զետեղուած պատուոյ ցանկի անուններուն, որոնք բարձր նիշերով կը պարգեւատրուին ո՛չ միայն կրթական տուեալ հիմնարկութեան պատասխանատուներէն, այլեւ կը գնահատուին իրենց բարեկամական շրջանակին քաջալերանքով:
Վստահաբար մժեղ մը հետապնդելու ձեր ճիգին մէջ ուշադրութիւն դարձուցած էք անոր ռազմախաղերուն: Անիկա պահ մը կը փորձէ պաշտպանուիլ, ապա դարձեալ նախայարձակ կը դառնայ ու աւելի ուշ՝ նոր փորձով մը, վճռական քայլ կ՛առնէ ձեզի դէմ՝ ամէն յուսահատութիւն ետ մղելով: Սակայն, մժեղ մը ամէն ռազմաճակատի վրայ չի՛ կրնար պայքար մղել: Իր թշնամին թիրախաւորելը մժեղին մեծագոյն քաջութիւնն է: Պատկերաւոր ոճով մը՝ մժեղը լաւ նետագիձ մըն է, եւ իր դնչիկին նետանման սրածայր կառոյցն ալ կ՛օգնէ այս պատկերաւոր բացատրութեան հիմնաւորման:
Արեան ծարաւի ըլլալու յատկութիւնը մժեղին, իրեն համար ժխտական սէր մը չէ՛, այնպէս ինչպէս մեղրի հոտէն յարբենալու արջին բնութքը իրեն համար դրական եւ հաճոյալի է: Մեղրին ստեղծած հրապոյրը արջին համար, այստեղ արիւնը կը կատարէ՝ մժեղին համար: Նիւթն է որ կը տարբերի պարզապէս այս երկու ապաբան կենդանիներուն պարագային, իսկ նիւթին ինչութիւնը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի անոնց համար: Արջը ինքզինք ընչեղ չզգար մեղրի հանդէպ իր ունեցած սէրը հիմնաւորելու, կամ այդ մասին հաստատում կատարելու պահուն: Ո՛չ ալ մժեղը ինքզինք արեան տուչութեան հիւանդանոցային պահեստի պատասխանատու կը զգայ, երբ այնքան անյագ կը ծծէ թանկագին հեղուկը այս կամ այն մարդու մարմինէն:
Իրենց բնազդային բնագաւառէն ներս ունեցած իւրայատկութիւններով տիպարային այս կենդանիները, մէկը մեծ, իսկ միւսը աննշան ըլլալու չափ փոքր, անգիտակցաբար կ՛իրագործեն իրենց առաքելութիւնը: Մեծատաղանդ չենք կրնար կոչել զանոնք, որովհետեւ իրենց ոյժին ներած չափով կը գործեն: Մեղրին հանդէպ իր սէրը չի՛ կրնար փոփոխութեան ենթարկել արջը: Անիկա միշտ պիտի սիրէ մեղրը, ու ձեռքը անցած փեթակը պիտի դատարկէ անյագօրէն: Անդին, մժեղը, նոյնիսկ մժեղարգելով պատուած մահճակալներուն շուրջ պիտի դառնայ իր սազը նուագելով, մինչեւ որ իր մարմինը սողոսկեցնելու յարմարաւէտ անցք մը գտնէ, համերգին երկրորդ արարը ներսի կողմը շարունակելու համար: Անիկա չի՛ կրնար պատկերացնել անշուշտ, որ գիշերուան այդ ժամուն, ափէ թակարդի փոխարէն, անկողինին բարձը կայ, որ յանկարծ կրնայ լախտի հարուածի նման իջնել իր գլխուն, անվերականգնելի խորտակելով դժոխալար իր նուագարանը մեղմաձայն:
Ձայնային եւ երաժշտական իր կարողութենէն բացի, մժեղը օժտուած է մէկ այլ մե՜ծ կարողութեամբ, որ իր բնախօսական պաշտպանուածութիւնն է: Որքա՜ն մաղձ ու թոյնով լեցուած պիտի ըլլայ իր ճղճիմ մարմինը, որ անոր մէջ ներարկուող նոյնիսկ վարակուած արիւնը չվնասէ իրեն…։ Մտածա՞ծ էիք այս մասին…։ Արեան վարակիչ հիւանդութիւններով տառապողներ չեն կրնար արիւն տալ ուրիշին, զայն չվարակելու համար իրենց ունեցած հիւանդութեամբ: Մինչդեռ մժեղը անվախօրէն կը մօտենայ բոլորին՝ առողջին ու հիւանդին, ներծծելու համար իրեն հարկաւոր եղած արիւնը, առանց հաշուի առնելու, որ կրնայ վերջ տալ իր կեանքին: Ան մտահոգուելու խնդիր չունի, որովհետեւ իր մարմինը պաշտպանուած է բոլոր տեսակի հիւանդութիւններու դէմ, որոնք արեան միջոցաւ կը փոխանցուին ուրիշին:
Մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ ալ մժեղի պաշտպանուածութեամբ անձեր կան: Անոնք չե՛ն վարակուիր, չե՛ն խպնիր, չե՛ն վնասուիր, չեն ազդուիր, մէկ խօսքով չե՛ն տուժեր, երբ իրենց ականջին բացուածքէն իրենց սիրտին մէջ կաթող եւ զիրենք ուղղութեան հրաւիրող արտայայտութիւններ լսեն: Որքա՜ն մաղձ ու թոյնով լեցուն պիտի ըլլայ այդ սիրտը, որ այնտեղ կաթող իւրաքանչիւր բուժիչ կաթիլ սիրոյ ու ներողամտութեան, ընդհակառակը, վերածուի ատելութեան ու թշնամանքի, ոխի ու քինախնդրութեան:
Մժեղի բնոյթքն է որ դարձեալ կը վերականգնուի, նոր յարձակումներ գործելու, նոյնիսկ իր բարերարներուն դէմ: Կ՛ըսեն, թէ մժեղները մութին մէջ աւելի լաւ կը տեսնեն…։ Բարութեան ու խաղաղասիրութեան իւրաքանչիւր կաթիլ իրենց սիրտին վրայ կաթած, հոգեկան աչքերը բանալու փոխարէն կը կուրցնեն զանոնք, աւելի զօրացնելով անոր ֆիզիքական աչքերը, դիմելու համար նոր յարձակման: Այնուհետեւ մժեղը գիշերն ու ցերեկը առանց զանազանելու իրարմէ, անհակակշռելի ռազմավարութիւն ի գործ կը դնէ, թշնամիի մարմինին բոլոր մասերը թիրախի վերածելով: Նախապէս անոր տուած ազդանշանը՝ մեղմ երաժշտութեամբ համեմուած, ռազմական փողի նման կը հնչէ այլեւս, վճռական յաղթանակը կանխաւ յայտարարելով: Չէ՞ք տեսած մարդիկ, որոնք գիշերուան կէսին ննջարանին լոյսը կը վառեն եւ մժեղի մը ոյժին դիմաց զինաթափ եղած կը նստին անկողնին ծայրը, երբեմն մինչեւ առաւօտ անքուն մնալով…։ Մժեղին ոյժը չէ՛ միայն այդ, այլեւ պաշտպանուածութիւնը, որ չար ոյժ մըն է իր մէջ:
Իցի՜ւ, թէ մժեղին պաշտպանուածութիւնը մարդկային կեանքին մէջ ունենար իր դրական մէկ տարբերակը: Այսինքն, երանի՜ թէ մարդոց ականջներէն ներս մտնող չարիքի ու դաւի նիւթերը «լուացուէին» անոնց սիրտին մէջ եւ վերածուէին օրհնութեան, գովեստի արտայայտութիւններու եւ բարիքի: Երանի՜ թէ մարդկային սիրտը ըլլար քաւարան, ուր իրենց մեղքերէն մաքրուէին բոլոր չար մտածումները եւ վատ ծրագիրները: Ահա՛ թէ ինչպէս մժեղին պաշտպանուածութիւնը իր դրական արդիւնքը կ՛ունենար մարդկային կեանքին համար ընդհանրապէս:
Մժեղի մը ոչնչութեան դիմաց, անոր պաշտպանուածութիւնը հակասական ո՛չ մէկ երեւոյթ կը պարզէ: Ընդհակառակը, կան ոչնչութիւն համարուող անձեր, որոնք իրենց ներքին պաշտպանուածութեամբ ոյժ կը ներկայացնեն, որ եթէ այսօր իր զօրութիւնը ցոյց չտայ, վաղը անպայման պիտի տայ: Որովհետեւ մժեղը իր պաշտպանուածութեամբ կը գերազացնէ նոյնիսկ վարակիչ բոլոր հիւանդութիւններու եւ արեան միջոցաւ փոխանցուող բոլոր վարակներու սարսափեցնող զօրութիւնը:
Մի՛ անարգեր մժեղը, որովհետեւ անիկա քեզմէ աւելի պաշտպանուած է բնութեամբ եւ կրնայ իր պաշտպանուածութեամբ օրինակ հանդիսանալ քեզի, որպէսզի կարենաս ներքնապէս զօրանալ, դիմադրելու համար բոլոր տեսակի արտաքին վտանգներու: