ՆՈՒԱՐԴ ՉԱԼԵԱՆ
Շաբաթ, 14 Ապրիլին, Կլենտէյլի Հայ կեդրոնին մէջ տօնական մթնոլորտ էր: ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի անուանակոչութիւնը պիտի տօնուէր: Ներկայ էին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան, հանգուցեալ Սալբի Հացպանեանի ամուսինը՝ Մայք Հացպանեան, զաւակներն ու թոռները, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամներ Մարալ Թոլումեան եւ Անի Պոստանեան, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Պզտիկեան, ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետ Սոնա Մատարեան, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի նախկին տնօրէնուհիներ, ուսուցչուհիներ, ծնողներ եւ ՀՕՄի անդամներ:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց վարժարանի տնօրէնուհի Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեան, որ, ողջունելէ ետք ներկաները՝ խօսեցաւ Սալբի Հացպանեանի առաքինութեան մասին եւ ըսաւ. «Անոր ազգանուէր շունչը պիտի մղէ մեզ շարունակելու մեր դժուար սակայն էական պարտականութիւնը՝ օտար ափերուն հայ աշակերտին սորվեցնել հայերէն եւ հայ մշակոյթ՝ պահպանելով ու զարգացնելով անոր հայկական ինքնութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը»:
Միքայէլ Նալպանդեանի «Սուտ է այն լուսաւորութիւնը, որ պիտի լինի օտարի լեզուով… Ուրեմն խելամիտ եղէք եւ թող ձեր դպրոցներում հնչի մայրենի լեզուն» խօսքը մէջբերելով, Պզտիկեան համոզում յայտնեց՝ ըսելով. «Այնքան ատեն, որ ՀՕՄի հովանիին տակ կը պաշտօնավարեն ազգասէր ուսուցչուհիներ, մեր վարժարանէն ներս պիտի հնչէ մայրենի լեզուն»:
Բացման խօսքէն ետք ներկաները յոտնկայս ընկերակցեցան Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեանի Տէրունական աղօթքին, ապա ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի մեծերու երգչախումբը խմբերգեց Հայաստանի, ՀՕՄի վարժարաններու եւ ՀՕՄի քայլերգները, մեծապէս տպաւորելով ներկաները:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ելոյթ ունեցաւ հանգուցեալ ընկհ. Սալբի Հացպանեանի հետ մօտէն գործակցած Ռիմա Պօղոսեան, որ օրուան նախաձեռնութիւնը իբրեւ «պայծառ էջ» որակելով ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի պատմութեան մէջ՝ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանը այսուհետեւ պիտի կոչուի վերջերս մահացած Սալբի Հացպանեանի անունով:
Ապա, հպանցիկ յետադարձ ակնարկ մը նետելով վարժարանի պատմութեան վրայ, ան փոխանցեց, թէ վարժարանը բացուած է ՀՕՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Անահիտ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մաքօ Մկրտիչեանի եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան կլենտէյլաբնակ Սարգիս Խաչատուրեանի ջանքերով 1974ին, 12 աշակերտներով, եւ մէկ տարի անց յանձնուած է նոր հիմնուած ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի հոգածութեան: Ընկերուհին նաեւ փոխանցեց, թէ Սալբի Հացպանեան երկար տարիներ հաւատքով, գուրգուրանքով եւ սիրայօժար ստանձնած է ՀՕՄի այս վարժարանի թէ՛ տնօրէնի եւ թէ ուսուցիչի պաշտօնը:
Այնուհետեւ, անդրադառնալով հանգուցեալ ընկերուհիին զոհողութիւններուն, համեստ բնաւորութեան, հայրենասիրութեան եւ մայրենի լեզուի հանդէպ ունեցած անոր սիրոյ՝ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ անդամներուն, որոնք ճիշդ որոշումով մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանը ընկհ. Սալբի Հացպանեանի անունով կոչեցին:
Պօղոսեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ձեռնարկին մասնակից ընկհ. Մաքօ Մկրտիչեանին, որուն ջանքերուն շնորհիւ սկիզբ առաւ ազգային այս կրթօճախը եւ մեծապէս նպաստեց օտար այս ափերուն հասակ նետող երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութեան:
Ընկերուհիի գեղեցիկ պատգամէն ետք, վարժարանի աշակերտները հայկական հարազատ առոգանութեամբ արտասանեցին «Հայ Լեզուն» եւ «Ծիրանի Ծառ» արտասանութիւնները, խլելով ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյնները: Մթնոլորտը աւելի հայկականացաւ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լուսինէ Մելիքսէթեանի դաշնամուրով հրամցուցած փունջ մը հայկական եղանակներու կատարումով:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ատենապետուհի Ժարմէն Միրզախանեան, որ հիմնաւորելով վարժարանը հանգուցեալ ընկերուհիին անունով անուանակոչելու որոշումը՝ ըսաւ. «Մեր երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան ամենամեծ արտայայտութիւնը կ՛ըլլայ Սալբի Հացպանեանի ղեկավարած շաբաթօրեայ դպրոցը վերանուանել իր անունով, որովհետեւ ան գիտակցելով իր գործի կարեւորութեան ընդունած է կամաւոր կերպով յանձն առնել «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնի բարդ ու խրթին պարտականութիւնները՝ հաւատալով, որ ազգի գոյատեւման հիմքը այդ ազգի լեզուն է եւ մշակոյթը»:
Ապա վարժարանի երգչախումբը հրամցուց ազգային եւ ժողովրդական երգերու փունջ մը, որուն յաջորդեց վարժարանի նախկին պարուսոյց Լորի Շիրաճեանի «Սայաթ Նովա» հայկական հեզաճկուն պարը, որ մեծապէս ոգեւորեց ներկաները:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ վաստակաշատ ՀՕՄուհի, հայ լեզուի ու մշակոյթի արթուն պահակ Մաքօ Մկրտիչեան, որ իբրեւ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի բացման նախաձեռնող, գեղեցկօրէն ներկայացուց անոր տուն տուող պատճառները, որդեգրած ծրագիրները եւ այդ բոլորի պատասխանատուութիւնը ստանձնած Սալբի Հացպանեանի նուիրումը եւ ընդգծեց. «Հանգուցեալ Սալբի Հացպանեան, իր բեղուն գործունէութեամբ, վարքով ու փառքով անսակարկ գործեց նուիրումով, ծառայեց վեհ գաղափարներու իրագործման եւ արժանապատուօրէն սլացաւ դէպի յաւիտենականութիւն»:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Վարժարանի նախկին տնօրէններէն Անուշ Կարապետեան, որ հանգուցեալ ընկերուհիին հետ պաշտօնավարած ըլլալով՝ վեր առաւ անոր զոհողութեան ոգին եւ հայ պատանիին մեր մայրենի լեզուն սորվեցնելու զօրաւոր կամքը:
Հացպանեան ընտանիքին կողմէ, շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ հանգուցեալ ընկերուհիին դուստրը Ալին Պապայեան, որ մեծապէս տպաւորուած ըլլալով ձեռնարկէն եւ մասնաճիւղին որոշումէն՝ Հացպանեան գերդաստանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղին եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին, որ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանը իր մօր անունով անուանակոչելուն եւ օրուան գեղեցիկ ձեռնարկը կազմակերպելուն համար:
Ձեռնարկի վերջին բաժինով, Մարալ Թուլումեան փոխանցեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան պատգամը, որ անդրադառնալով հանգուցեալ ընկերուհիի անձին մասին, զայն ներկայացուց որպէս անշահախնդիր ծառայող, ազգանուէր ՀՕՄուհի, ինչպէս նաեւ հմուտ ժողովական եւ Շրջանային վարչութեան անունով պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց Հացպանեան ընտանիքին եւ բարեկամներուն բարերարութեամբ եւ ներկայութեամբ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի Սալբի Հացպանեան անուանակոչութիւնը:
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտէն ետք, ներկաները բարձրացան վեր, ուր պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ ՀՕՄի վարժարանին: Նախքան յուշատախտակի բացումը, Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան մեծապէս գնահատեց ձեռնարկին ընթացքին բոլոր ելոյթ ունեցողները, որոնք արդարօրէն գնահատեցին Սալբի Հացպանեանի գործունէութիւնը: Հոգեւոր հովիւը նաեւ յիշեցուց, թէ ծառայութիւնը բան մը տալ է, որ կ՛առնչուի նիւթականին կամ ժամանակին:
«…Սալբի Հացպանեանի նման գործողներու համար միայն իրենց ժամանակը չէ, այլ իրենց կողակիցին, զաւակներուն եւ թոռնիկներուն ժամանակն է որ կը նուիրաբերեն, կ՛ընծայաբերեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ այսօր կան հայրեր ու մայրեր, որոնք հայերէն կը խօսին, հայերէն կը կարդան, հայերէն կը գրեն շնորհիւ Սալբի Հացպանեանի եւ իր սերնդակից ընկերներուն», ըսաւ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան եւ բարձր գնահատեց ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի այս նախաձեռնութիւնը, որ շաբաթօրեայ վարժարանը նուիրեց իր վաստակաշատ անդամներէն Սալբի Հացպանեանի յիշատակին: Այնուհետեւ, Մայք Հացպանեան եւ որդին Յովիկը, միասնաբար վար առին վարագոյրը գողարկուած յուշատախտակին, որուն վրայ արձանագրուած է՝ «ՀՕՄի «Սիփան» Մասնաճիւղի Սալբի Հացպանեան Շաբաթօրեայ Վարժարան»:
Հասնդիսաւորապէս կատարուած բացման տպաւորիչ արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Ներկաները հաճելի ժամեր անցուցին, շնորհաւորելով կատարուածը եւ գոհունակ սիրտերով մեկնեցան տուն, իրենց հետ տանելով Սալբի Հացպանեանի տիպարն ու իրենց զաւակներուն հայերէն սորվեցնելու կարեւորութեան միտքը: