ՊՈԼԻՍ.- Թրքական դատարան մը մերժած է առաջարկը, որ կը վերաբերէր նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ընտանիքի անդամներուն՝ անդրծովեան ընկերութիւններու մէջ ունեցած գումարները ուսումնասիրելուն:
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի դատախազութիւնը նախապէս հաստատած էր, որ Էրտողանի ազգականներէն առնուազն 5ը գումարներ ներդրած են Մեն կղզիին վրայ գտնուող ընկերութեան մը մէջ: Տեղեկութիւնը հաստատած էր Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը: Թրքական դատախազութիւնը, սակայն, Էրտողանի ազգականներուն նկատմամբ հետապնդում մը սկսելու անհրաժեշտութիւն չէ տեսած՝ պնդելով, որ ներդրուած գումարները պետական հաշիւներէ չեն գացած եւ գողցուած կամ անօրինաբար իւրացուած չեն:
«Տիքեն» կայքը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ սակայն այն փաստին վրայ, որ գործը վարող դատաւորին աւագ եղբայրը նախապէս Էրտողանի խորհրդականը եղած է:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 2017ին, Լրագրողական հետաքննութիւններու միջազգային համախմբումին հրապարակած զեկուցումին համաձայն, Մալթայի մէջ գտնուող անդրծովեան ընկերութիւններու հետ կապ ունին նաեւ Էրտողանի ընտանիքի անդամները։