ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Նախապէս քանի մը անգամ մօտեցած եմ այս հատորին, բայց չեմ կրցած աւելի յառաջանալ: Հայր Չամչեան աշակերտն էր միաբանութեան հիմնադիր ամենապատիւ Տն. Մխիթարայ մեծի աբբայի:
Այս անգամ, սակայն, որոշած եմ առանց ընդհատման շարունակել այս երեք արժէքաւոր հատորներու ներկայացումը, յարգելու համար հօրս անսահման սէրը հայ գրի ու գրականութեան հանդէպ: Ուրեմն, Ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած՝ 1925ին ան կը սկսի իր հարուստ գրադարանի հաւաքին: Ես անշուշտ տակաւին չկայի: Աւելի ուշ էր, որ ես անդրադարձայ ժառանգած հարստութեանս: Եւ այսպէս, հայրս կը դառնայ մնայուն եւ հաւատարիմ բաժանորդը Վենետիկի Մխիթարեան գրատարածին: Եւ այսպէս երկար տարիներ:
Մինչ այդ, ես կը հպարտանայի իմ գիրքերովս, կամ շատոնց մեր այս աշխարհէն մեկնած հօրս գիրքերով: Մանաւանդ, մինչեւ սկսայ հայագիտութեան դասընթացքին հետեւելու համալսարանի մէջ: Սակայն, չի բաւեր միայն հպարտանալ, պէտք էր նաեւ օգտուիլ անոնցմէ: Բան մը, զոր կատարեցի այնուհետեւ, ամէն անգամ որ գրաւոր պարտականութիւն մը կը պատրաստէի:
Ուրեմն, սկսայ գործածելու Հայր Չամչեանի «Պատմութիւն Հայոց»ը, եւ բերանաբաց մնացի այս պատմութեան առջեւ: Նախ՝ իր բազմազան աղբիւրներուն դիմաց, ապա՝ այն մանրամասնութիւններուն, զորս ան կը հաղորդէ իր ընթերցողներուն, աւելի յստակ դարձնելու համար իր բացատրութիւնները:
Երեք հատորներու էջերու գումարն է 2736:
Առաւել՝ երեք մանրամասն ցանկեր.
Առաջին հատոր՝ աշխարհի սկիզբէն մինչեւ 441.
Երկրորդ հատոր՝ 441էն մինչեւ 1080.
Երրորդ հատոր՝ 1080էն մինչեւ 1382։
Այս բոլորը յիշելու համար ոչ միայն 100 էջեր կը բաւեն, ոչ միայն հազար, ոչ միայն երկու հազար, այլ 2736 էջեր լեցուն անուններով, այլեւ անուանացանկերով: Գլխապտոյտ տուող ժամեր, այլեւ ամիսներ տեւող ընթերցումներ խլող աշխատանք անհրաժեշտ է, յաջողցնելու համար առաջադրուած վերոյիշեալ ընթերցումները:
Առաջին հատորը կը խօսի ընդհանրապէս հայոց պատմութեան մասին եւ կը հասնի մինչեւ Արշակունեաց հարստութիւն, աւելի ճիշդ Արշակունեաց հարստութեան անկումը: Երկրորդ հատորը կը խօսի ոստիկաններուն եւ մարզպաններուն մասին, եւ կը շարունակէ մինչեւ Բագրատունեաց իշխանութեան օրերը, որով կը փակէ երկրորդ հատորը: Իսկ, երրորդ հատորը, որ կը պարունակէ հինգերորդ եւ վեցերորդ գիրքերը, մեզ կը հասցնէ մինչեւ Ռուբինեանց հարստութիւն, որուն կը յաջորդէ «Ժամանակ Անիշխանութեան»ը: Անոր կը յաջորդէ ցանկը նահապետներուն, թագաւորներուն եւ հայոց իշխանապետերուն, կաթողիկոսներուն, Սիսի կաթողիկոսներուն, պատրիարքներուն հայոց եւ յոյներուն, հայերու մեծ ժողովներուն, նախարարութիւններուն, հայերու քաջերուն, ապա՝ թագաւորներուն պարսից, պարթեւներու եւ Սասանեաններու, Տուղրիլի, Ճենկիզիաններու, Լենկթիմուրեաններու եւ Սէֆէֆեաններու, հուսկ հարեւան պետութիւններու կայսրերը եւ թագաւորները եւ այլն:
Այս վերջին մասը կը սկսի 1080ին եւ կը տեւէ մինչեւ 1784:
Մեր առաջին պատմագիրը Ագթանգեղոսն է, որ եղած էր Տրդատ Թագաւորի ատենադպիրը: Շարունակելու համար ըսեմ, որ մինչեւ հոս տուի ամփոփ տեղեկութիւնները մօտ երեք հազար էջերու: Եւ գրեթէ ամբողջութեամբ թաղուեցայ նախակրթարանի հայոց պատմութեան աւարտական դասարանիս մթնոլորտին մէջ: Նոյն ատեն, կը մտածէի, թէ ե՛րբ պիտի ազատէի այս անուններէն եւ թուականներէն:
Ազատած էի: Բայց ետ մտայ կիսաբաց դռնէն եւ …ինկայ այս թակարդին մէջ:
Հիմա որ մէջն եմ, անդրադարձայ, որ նոյնիսկ եթէ ուզեմ, չեմ կրնար լքել այս փոքր ձեռնարկս: Ձեւով մը այս մոլութեան կամ մոլորութեան մէջ ինկած էի: Ամէն անգամ որ կը կարծէի, թէ մօտ էի աւարտելու, փափաքս կ՛աւելնար շարունակելու: Յստակ էր որ բռնուած էի այդ հիւանդութենէն եւ պէտք էր որ աւարտէի գործը:
Խորքին մէջ, վերաքաղ մըն էր ըրածս: Հատորի վերջաւորութեան կար ժամանակագրութիւն մը, բաղկացած 195 էջերէ, որ բոլորովին նորութիւն էր ինծի համար, բայց չկրցայ նոյնիսկ հարեւանցի աչք մը նետել անոր վրայ: Ցանկին խորագիրն էր. «Ժամանակագրութիւն, Հանդերձ Համեմատութեամբ Թուականաց»:
Ճիշդ էր որ այս ամէնը տեսած էի եւ սորված նախակրթարանի գիրքերէն, բայց երկրորդ անգամ հանդիպումս աւելի ուրախացուց զիս քան՝ առաջինը: Նախ որ, այս հանդիպմանս աւելի փոքր ի շատէ ծանօթ էի նիւթերու մեծամասնութեան եւ պէտք չունէի ծայրէն վերսկսելու ամէն նիւթ անգիր սորվելու: Թէեւ ճիշդ է, որ որեւէ բան սորվելու ժամանակը փոքր տարիքին է, քանի տակաւին միտքդ թարմ է եւ չէ խճողուած կարեւոր եւ անկարեւոր բաներով: Դարձեալ միտքով շնորհակալութիւն յայտնեցի մեզմէ խելահասներուն, որովհետեւ մինչեւ հասկնայի ճիշդը, շատ ժամանակ պիտի կորսնցնէի եւ ի զուր:
Բայց հիմա, որքան ալ փորձեմ՜ չեմ կրնար ուղեղս պարպել անոնցմէ: Նաեւ չէ՞ որ պէտք է պարպեմ եւ տեղ բանամ նորութիւններու: Շատ դժուար եղաւ այս մէկը: Որոշեցի ոչինչ ձգել ապագային եւ լծուեցայ գործիս շարունակութեան: Ի վերջոյ, գործ մը աւարտելու լաւագոյն ձեւը՝ գործը սկսիլն է: Պէտք էր որ աճապարէի այս աշխատանքը արագ վերջացնելու համար, քանի դեռ չէի սկսած ծերանալու, մորթս տակաւին ողորկ էր եւ տեսողութիւնս՝ պայծառ:
Գիտէ՞ք թէ քանի տարիներու եւ դարերու մասին է խօսքս: Եւ ես որոշած եմ այս դարուն վերջացնել սոյն նախաձեռնութիւնս:
Ուրեմն, Ռիթա, շարունակէ՛ եւ վերջացո՛ւր զայն: Թէեւ, պէտք ունիմ խօսելու նաեւ մանրամասնութիւններուն մասին: Յաջորդի՛ւ: Անպայման:
Ապրիլ 21, 2018
Սքանչելի յօդուած սիրելի Ռիթա։ Ինչ բախտաւոր էք որ նման ընտանեկան գրադարան մը ունիք, անմահներով լեցուն, որոնցմէ մէկն է Հայ Միքայէլ Չամչեանը և այլ ուրիշ Մխիթարեան հայրեր որոնք ստեղծեցին «Հայկական Վերածնունդը»։ Այստեղ պէտք է յիշել որ Հայր Չամչեան եղած է մօրեղբայրը ուրիշ մեծ Մխիթարեանի մը՝ որն է Հայր Ղուկաս Ինճիճեան, որ հրատարակած է առաջին աշխարհաբարով գիրքերը, առաջին պարբերական ամսաթերթեր և Հայաստանի աշխարհագրութեան մասին հատորներ։