ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատկերացումով՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ պէտք է տեղի ունենան աշնան:
«Մեր պատկերացումն է արտահերթ ընտրութիւններն անցկացնել աշնանը, բայց դա պէտք է փորձենք համադրել այլ քաղաքական ուժերի պատկերացումների հետ ու փորձել դուրս բերել ընդհանուր լուծումներ: Այդ ուղղութեամբ քննարկումներ, իհարկէ, հնարաւոր են», Չորեքշաբթի, 23 Մայիսին, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Փաշինեան: