ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քանդած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները՝ աւելցնելով, որ ան պէտք է դադրի «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն աջակցելէ եւ անմիջապէս հեռացնէ իր ուժերը»:
Մըքտատի համաձայն, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած են՝ Էրտողանի «քաղաքական յաւակնութիւններուն ու կայսրութեան մասին անոր երազներուն» պատճառով:
«Էրտողան չի մտածեր Սուրիոյ մէջ զինուած խմբաւորումներուն աջակցելու հետեւանքներուն մասին: Ան ոչնչացուց դրացի պետութիւնը, եւ Թուրքիոյ կողմէ Աֆրինի բռնագրաւումը ատոր վառ օրինակն է», ըսաւ Մըքտատ՝ աւելցնելով. «Ամերիկեան դաշինքը ռմբակոծեց Սուրիոյ մէջ գտնուող քարիւղի հանքերը, որպէսզի կառավարութիւնը հեռու պահեն անոնցմէ եւ ստիպեն, որ վերջինս միլիոններ ծախսէ՝ անոնց վերանորոգման համար»։
Մըքտատ նաեւ յայտնեց. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ իրեն օժանդակելու համար, Դամասկոս հրաւիրեց դաշնակից ու բարեկամ ուժեր, որոնց շարքին՝ ռուսական ու իրանեան ուժեր, իրանցի խորհրդականներ եւ «Հըզպալլա»էն եղբայրներ: Անոնք բոլորն ալ առնչակից են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ չեն խախտեր Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը։ Իրանեան ուժերու եւ «Հըզպալլա»ի հեռացումը քննարկելի չէ՛»։
Նշենք, որ Ուաշիկթըն իրանեան ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու գծով պահանջ մը ներկայացուցած էր այս շաբաթ։
Ինչ կը վերաբերի ռուսական կողմէ հնչած այն կոչին, թէ օտար բոլոր ուժերը Սուրիայէն պէտք է հեռանան՝ քաղաքական լուծում մը գտնելու հոլովոյթին սկսելէ անմիջապէս ետք, ան ըսաւ. «Չեմ կարծեր, որ մեր ռուս բարեկամները կ՛ակնարկեն այն ուժերուն, որոնք Սուրիա մուտք գործեցին օրինական կերպով եւ սուրիական կառավարութեան թոյլտուութեամբ: Առանց Սուրիոյ կառավարութեան արտօնութեան Սուրիա մուտք գործած ուժերը բռնագրաւո՛ղ ուժեր են եւ ուղղակիօրէն ահաբեկչութեան կ՛աջակցին»: