ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ուրբաթ, 11 եւ Շաբաթ, 12 Մայիսին, Քոլոմպիա համալսարանին մէջ, ՀՅԴ Արեւեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ «Արմինիըն Ռիվիու»ի, Հայկական նիւթերու ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան ազգային հիմնարկին (NAASR) եւ Քոլոմպիա համալսարանի Հայ ուսանողներու միութեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած գիտաժողովը:
Երկօրեայ գիտաժողովը ընթացաւ հինգ ենթաբաժանումներով: Նիստերը համադրեցին զրուցավարներ՝ ներկայացնելով դասախօսներն ու նիւթերը եւ ներկաներուն առիթ տալով հարցումներ ուղղելու դասախօսներուն: Բացման զրոյցները կատարուեցան անգլերէնով, իսկ մնացեալները կատարուեցան տարբեր սրահներու մէջ անգլերէնով եւ հայերէնով:
Այս առթիւ, յատուկ հիւրասիրութեան մը ընթացքին մեծարուեցաւ երկար տարիներու վաստակ եւ հանգամանք վայելող փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ թելադրեց ակադեմականներուն, շարունակել Հայ Դատի աշխատանքը բեմահարթակներուն վրայ եւ լոպիինկի բնագաւառներէն ներս: