
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ուրբաթ, 18 Մայիսի երեկոյեան, Արեւելեան թեմի առաջնորդարանին մէջ կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին «Վարդանի Ասպետներ» կազմակերպութիւնը մեծարեց հայ երաշժտութեան եւ մշակոյթին երկարամեայ սպասարկութիւններ մատուցած երկու արուեստագէտներ՝ Շահան Արծրունին եւ Քրիս Խալաֆեանը։
Յատկանշական է, որ երկու մեծարեալներն ալ Պոլիսէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած են։

Քալֆայեան վերջին առաւել քան երեք տասնամեակներուն եղած է Նիւ Եորքի առաջնորդարանի «Կոմիտաս» երգչախումբին ղեկավարը եւ պատանի տարիներուն երգած է «Մեթրոփոլիթըն» եւ Նիւ Եորքի օփերաներու պատանեկան երգչախումբերուն մէջ ու շարունակած է երգել շարք մը այլ երգչախումբերու մէջ, ինչպէս նաեւ ղեկավարած է քանի մը երգչախումբեր։
Հեղինակաւոր «Ճիւլիարտ» երաժշանոցին եւ Նիւ Եորք համալսարանին մէջ մասնագիտացած դոկտ. Շահան Արծրունի յայտնի դաշնակահար, երաժշտագէտ եւ ուսուցիչ մըն է, որ ձեռնարկին ընթացքին յայտարարեց, թէ իր կեանքին ամենակարեւոր յատկանիշը իր հայ ըլլալը կը համարէ, նոյն ժամանակ շեշտելով հայ գիրը, լեզուն եւ հողը պահպանելու կարեւորութիւնը։
(Քաղուած Թալին Պապայեանի թղթակցութենէն)