ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 Յունիսին ընդունեց «Օրորա» մրցանակի դափնեկիր, անուանի բժիշկ Թամ Քաթինան:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Նախագահը ողջունեց Թամ Քաթինայի Արցախ այցելելու որոշումը՝ նշելով, որ երկրին մէջ քաջատեղեակ են անոր գործունէութեան եւ անոր անձին հանդէպ մեծ յարգանք կը տածեն:
Հանդիպման ներկայ էին նախաձեռնութեան համահիմնադիր, բարերար Ռուբէն Վարդանեան, Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: