ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Իրանի սպայակոյտի պետի խօսնակ Էպուլֆազի Շիքարճի Յունիս 15ին յայտարարեց, որ Թեհրան պատրաստ չէ աջակցելու հիւսիսային Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներու դէմ սկսած Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն։ Ան շեշտեց, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Իրան կ՛աջակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, անիկա համաձայն չէ, որ որեւէ պետութեան զինեալ ուժերը ինքնիշխան այլ պետութեան մը տարածքը մուտք գործեն՝ առանց համապատասխան արտօնութեան, ինչի բացակայութեամբ՝ նման գործողութիւններ «անօրինակա՛ն» կը դառնան:
Մէկ օր առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ իր երկիրը Իրանի հետ պիտի բանակցի՝ հիւսիսային Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներուն դէմ միացեալ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու համար, պնդելով, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը Իրանի՛ համար եւս վտանգաւոր է: