Ա. Դ.
ԿՐԱՆԱՏԱ ՀԻԼԶ, Քալիֆորնիա.- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին առիթով, Հիւսիսային (Սան Ֆերնանտօ) հովիտի Երէցներու համախմբումի խրախճանք-ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Մայիս 30ի ցերեկը, «Արշաւիր Շիրակեան» կեդրոնի «Ճ. Թիթիզեան» սրահին մէջ։
Օրուան բանախօսն էր Հայկազ Թրթռեան, որ հակիրճ բացատրութեամբ անդրադարձաւ Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի յաղթանակներուն՝ ընդդէմ թուրք բանակներուն եւ խուժանին, հակառակ անոնց երապատիկ առաւելութեան։ Այդ յաղթանակներով է, որ մենք ունեցանք ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն։
Անկէ ետք, յոտնկայս Հայաստանի քայլերգը երգուեցաւ։ Օրուան երկու սիրուած երգիչներուն մասնակցութեամբ, յանձինս՝ Խաչիկ Թանգեանի եւ Անդրանիկ Մաթոսեանի, խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ ներկայ 55 երէց անդամներուն մօտ։ Երգիչները իրենց յեղափոխական եւ ազգային երգերով ոգեւորեցին ներկաները։
Յաջորդաբար, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած կարկանդակի հատում, ձեռամբ երկու երէց անդամներու։ Նոյն առիթով, ներկաները վայելեցին համադամ ճաշեր, ապա տեղի ունեցաւ խմբերգում, որուն դաշնակով մասնակցեցաւ Աւետիս Անթոսեան։
Երգեցողութիւնը աւարտեցաւ «Արիւնոտ Դրօշ» երգով, որմէ ետք բոլոր անդամները ուրախ եւ հպարտ մեկնեցան տուն։