Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Յունիսին, Գոմոթինիի ազգապատկան սրահին ներս, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Միջ-թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ:
Ներկայ էին Ազգային վարչութեան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները, շրջանի հոգեւոր հովիւը, ՀԳ Խաչի Շրջանային վարչութեան շրջանի ներկայացուցիչները եւ բոլոր թաղականութիւններէն անդամներ, ինչպէս նաեւ շրջանի բոլոր գաղութներէն ազգայիններ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Թագւոր Գույումճեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը ազգերու պատմութեան մէջ անկախութեան գաղափարի մեծագոյն պաշտպաններէն մին կը հանդիսանայ եւ Մայիս 28նը այդ գաղափարին վկայութիւնն է:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Աթէնքէն յատկապէս հրաւիրուած Կիրակոս Մկրտիչեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «3 Մարտ 1918ին, Պելոռուսի Փրեսթ-Լիփովսք քաղաքին մէջ, ռուս պոլշեւիկները (մեծամասնականները) խայտառակ դաշինք մը ստորագրեցին Գերմանիոյ ու Թուրքիոյ հետ, որով «մեծամասնական» կուսակցութիւնը՝ «մեծահոգութեամբ» թուրքերուն կը բաշխէր ոչ միայն ամբողջ թրքահայաստանը, այլ նաեւ Ռուսական Հայաստանի մեծ մէկ բաժինը՝ Սարիղամիշ, Օլթի, Արտահան, Կարս մինչեւ Արփաչայ:
27 Մարտ 1918ին, թուրք Վէհիբ փաշա՝‘ անզիջող պայմաններու միջոցաւ 48 ժամուան վերջնագիր մը ներկայացնելով՝ կը պաեհանջէր ընդունիլ Փրեսթ-Լիթովսքի պայմանները եւ անմիջապէս մաքրել Թուրքիոյ վերադարձուելիք բոլոր շրջանները:
Թուրք բարբարոսները, երբ Մայիս 1918ին ընդհանուր յարձակողականի կ՛անցնէին, շատ լաւ հաշուած ու տեսած էին, որ ամէն ինչ իրենց օգտին էր. ժամանակը, իրադրութիւնը, դիւանագիտութիւնը եւ ուժը:
Սակայն թուրքերը մէկ բան նկատի չէին առած կամ ալ իրենց նկատողութենէն վրիպած էր՝ հայ ժողովուրդի մեծագոյն գաղտնիքը, առեղծուածը, ոգին ու այդ ոգիին իւրայատկութիւնը լաւ չէին հաշուած կամ ալ սերտած չէին:
Լաւ չէին հաշուած հայ ժողովուրդի յեղափոխական ինքնուրոյնութիւնն ու մանաւանդ այն վեհ բարոյականութիւնը, որ խտացած էր հայութեան մէջ:
Անոնք չէին գիտեր նաեւ մեր ձգտումները՝ ազատութիւն, ինքնութիւն, գոյատեւում»:
Ապա, Գոմոթինիի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Մաթեոսեան Ստեփան բանախօսին նուիրեց, առ ի յիշատակ, «Գոմոթինիի Հայերը« խորագիրով գիրքը:
Գեղարուեստական բաժինը կը պարունակէր երկու երգեր՝ Գոմոթինիի երգչախումբին կողմէ, եւ երկու պարեր՝ Մշակութային միութեան փոքրերու խումբին կողմէ:
«ԱԶԱՏ ՕՐ»