ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Երեքշաբթի, 17 Յուլիսին, Շիրակի մարզի Փանիկ գիւղի տարածքին վրայ ռուսական 102րդ ռազմական խարիսխի զինուորները զինուորական վարժութիւններ կատարած են՝ մեծ խուճապ յառաջացնելով գիւղացիներուն մօտ: Զօրավարժութիւններէն անտեղեակ գիւղացիները սարսափահար եղած են՝ կարծելով, որ իրական ռազմական գործողութիւններ կ՛ընթանան գիւղին մէջ:
Աւելի ուշ պարզուած է, որ փամփուշտներն ու պայթուցիները եղած են ուսումնական, ոչ թէ մարտական: Սակայն, փանիկցիները վրդոված են եւ ռուս հրամանատարէն պահանջած են բացատրել, թէ ինչ հրամանի հիման վրայ առանց նախազգուշացման վարժութիւններ կատարած են:
Փանիկի համայնքապետ Վարդան Մակէյեան ահազանգած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեանն եւ ոստիկանութեան: Մինչեւ իրաւապահներուն հասնիլը, զինուորականներուն չեն թոյլատրած հեռանալ վարժութեան վայրէն: Մակէյեան յայտնած է, որ կրակոցներուն ու պայթիւններուն ձայներէն երեխաներ նոյնիսկ ուշաթափ եղած են: Շուրջ 3000 բնակիչ ունեցող Փանիկի համայնքապետը յայտ-նած է, որ փաստաթուղթ ներկայացնելու փոխարէն ռուս զինուորները կը փորձէին ընդամէնը «ներողութիւն խնդրել» ու հեռանալ:
«Իրենց ասելով՝ մենք մեր զինուորական գործն ենք անում եւ պարտաւոր չէք ձեզ փաստաթուղթ ներկայացնել», պատմած է Մակէյեան:
Բնակիչները այդ բոլորը տեսանկարահանած են եւ համացանցի միջոցով տարածած:
Ռուսական 102րդ ռազմական խարիսխի հրամանատարի տեղակալ Ալեքսէյ Պալիւխովիչ Չորեքշաբթի առաւօտեան ներկայացաւ Շիրակի մարզպետ Կարէն Սարուխանեանի մօտ, որմէ ներողութիւն խնդրեց եւ հաւաստիացուցած, որ այլեւս նման բան չի կրկնուիր։
Ըստ հայ-ռուսական միջպետական պայմանագիրին՝ 102րդ ռազմակայանը պէտք է նախապէս տեղական ինքնակառավարման մարմինները, ոստիկանութիւնը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը զգուշացնէ զօրաշարժի երթուղիին մասին, իսկ զօրավարժութիւն, բացի սահմանուած ուսումնավարժարաններու տարածքներէն, այլ վայրերու մէջ իրականացնելու իրաւունք չունի:
Փանիկի մէջ տեղի ունեցածին արձագանգեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղար Արման Եղոյեան: Ան յայտնեց, որ դէպքի հանգամանքները եւ ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը զեկուցուին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Փանիկցիները կը յիշեցնեն, որ տարիներ առաջ մարզի Վահրամաբերդ գիւղին մէջ ռուսական ռազմակայանի զօրավարժարանի տարածքին վրայ երկու երեխաներու՝ պայթուցիկի պատճառով զոհուելու դէպքը, Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպանդը եւ կը բողոքեն, որ իրենց գիւղին մէջ պատահածը ցոյց կու տայ, որ ռուսական կողմը ինչ որ ուզէ՝ կ՛ընէ:
Չորեքշաբթի օր, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ ժամանակաւոր հաւատարմատար Անտրէյ Իվանովը, դեսպանատան ռազմական եւ ռազմաօդային կցորդ, զօրավար Եւգենի Փուլաւինցեւը եւ Ռուսական 102րդ ռազմակայանի հրամանատար, գնդապետ Վլատիմիր Ելքանովը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան 17 Յուլիսին Շիրակի մարզի Փանիկ գիւղին մօտ ռուս զինուորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջադէպի մանրամասնութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը պահանջեց ներկայացնել մանրամասն տեղեկատուութիւն տեղի ունեցածին վերաբերեալ:
«ՌԴ 102րդ ռազմակայանի հրամանատարը զեկուցել է միջոցառման բնոյթի, պլանաւորման (ծրագրաւորուած-Խմբ.) եւ իրականացման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքների մասին: Մասնաւորապէս, ըստ գնդապետ Ելկանովի զեկոյցի՝ միջոցառումն ընդգրկուած է եղել հայկական կողմի հետ նախապէս համաձայնեցուած, ՌԴ 102րդ ռազմակայանի 2018թ. մարտական պարտաստութեան ծրագրում, որի վերաբերեալ բազայի (զօրակայանի-Խմբ.) հրամանատարութիւնը համապատասխան կարգով իրազեկել է ՀՀ իրաւասու մարմիններին:
Այնուամենայնիւ, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ միջոցառման անցկացման վայրի ընտրութեան հարցում հաշուի չեն առնուել տեղի բնակչութեանը հնարաւոր անհանգստութիւն պատճառելու բոլոր հանգամանքները, ռուսաստանեան կողմը պաշտօնապէս ներողութիւն է խնդրել եւ հաւաստիացրել է, որ հետայսու առաւել հետեւողական կը լինի ՌԴ ռազմակայանի տարածքից դուրս իրականացուող միջոցառումների պլանաւորման եւ իրազեկման հարցերում:
Իր հերթին պարոն Դ. Տօնոյեանը յորդորել է նմանատիպ հարցերում առաւել սերտ եւ մանրակրկիտ աշխատանք իրականացնել թէ՛ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ թէ տեղական ինքնակառավարման մարմինների հետ եւ առաւել մեծ ուշադրութիւն դարձնել քաղաքացիական բնակչութեան հետ բարիդրացիական յարաբերութիւնների ամրապնդմանը», այս հանդիպման մասին տեղեկագրեց պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: