– «Սփութնիք Արմէնիա»ն կը հաղորդէ, թէ Լեհաստանի մէջ սկսած է ծխախոտի մաքսանենգութեան դէմ դատավարութիւն մը, որուն մեղադրեալի աթոռին վրայ յայտնուած են Հայաստանի ու Լեհաստանի 18 քաղաքացիներ։ Քննութեան տուեալներով՝ խումբը հիմնած ու ղեկավարած է 39ամեայ հայ մը։ Խումբի անդամները 2016էն սկսեալ աշխատած են Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ սահմանին վրայ եւ ապօրինաբար ծխախոտը շուկայ հասցուցած, իսկ մէկ մասը ուղարկուած է Ֆրանսա։ Որպէս արդիւնք, Լեհաստանի պետական ամավարկը աւելի քան 3 միլիոն տոլարի վնաս կրած է։
– ՖԻՖԱի որոշումով՝ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Ֆրանսան պիտի ստանայ 38 միլիոն տոլար պարգեւ մը, փոխախոյեան Խրուաթիան՝ 28 միլիոն, իսկ երրորդ դիրքը գրաւած Պելճիքան՝ 24 միլիոն տոլար: Անգլիա, որ 4րդ հանդիսացաւ, պիտի ստանայ 22 միլիոն տոլար: Քառորդ աւարտականին հասած խումբերը պիտի ստանան 16ական միլիոն, 1/16րդ հանգրուան հասնողները՝ 12ական միլիոն, իսկ այն խումբերը, որոնք մրցաշարքին հրաժեշտ տուին Ա. հանգրուանէն՝ 8ական միլիոն տոլար։