ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Արեւմտեան Թուրքիոյ Ալիաղա քաղաքին մէջ, Յուլիս 18ին տեղի ունեցաւ ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընի դատավարութեան երրորդ նիստը, որուն ընթացքին դատաւորը անգամ մը եւս մերժեց պաշտպան փաստաբանին դիմումը՝ ամբաստանեալը մինչեւ դատավճիռի արձակումը ազատ արձակելու մասին։
Քոնկրեսականներ Սպիտակ տունէն կը պահանջեն, որ պատժամիջոցներ սահմանուին Անգարայի դէմ, Պրանսընը անհիմն պատճառներով բանտարկուած պահելու որոշումին ի տես։ Ենթական 23 տարիներ առաջ Թուրքիա հաստատուած է եւ Իզմիրի մէկ եկեղեցիին պատուելին է։ Ան Թուրքիոյ կողմէ կ՛ամբաստանուի «ահաբեկչական» համարուող կիւլենական շարժումին, ինչպէս նաեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան համար լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով։ 2016ի Դեկտեմբերին ձերբակալուած Պրան-սըն կրնայ մինչեւ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ։
Յուլիս 18ի դատական նիստին մասնակցած էին Միացեալ Նահանգներէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատան ներկայացուցիչը: