ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Յունիս 24ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններէն ետք եւս, տակաւին կը շարունակուին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւորներուն դէմ քրէական հալածանքը:
Այս անգամ, Տիգրանակերտի հանրապետական դատախազութեան կողմէ հետաքննութիւն սկսած է քրտամէտ կուսակցութեան պատգամաւորներ Մուսա Ֆարիսօղուլլարի եւ Ռեմզիյէ Թոսունի դէմ, պարզապէս որովհետեւ անոնք քանի մը օր առաջ մասնակցած էին թրքական բանակին կողմէ սպաննուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալի մը յուղարկաւորութեան:
Այս արարքին համար, քիւրտ պատգամաւորները կ՛ամբաստանուին «ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու» յանցանքով:
Նշենք, որ 2016ին, Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ փոփոխութիւններ կատարուեցաւն պատգամաւորներու անձեռնմխելիութեան մասին սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածին մէջ, որմէ ետք բազմաթիւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու դէմ քրէական հետապնդումներ սկսան: Այս արշաւին զոհ գացած են ընդդիմադիր կուսակցութան նախկին համանախագահներ Սալահետտին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եուքսեքտաղը, եւ մօտաւորապէս տասնեակ մը նախկին պատգամաւորներ: