ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Վերջին տասնամեակին, Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիրը հանդիսացող Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու թիրախ դարձած է երկրի «գերզգայուն» նախագահ Էրտողանին կողմէ բացուած տասնեակ դատերուն, որոնց աւարտին Քըլըճտարօղլու սովորաբար կը դատապարտուէր «նախագահը վարկաբել»ու յանցանքով, սակայն դատավճիռները խորհրդանշական տուգանքներ կ՛ունենային։
Սակայն կը թուի, թէ նոր լիզօրութիւններ վայելող Էրտողանը որոշած է աւելի յատկանշական պատիժներ սահմանելով՝ լռեցնել փորձել զինք շարունակաբար քննադատող ղեկավարը. ասոր առաջին նշանը եկաւ Յուլիս 18ին, երբ թրքական ատեան մը 359,000 թրքական լիրայի (մօտաւորապէս 75,000 տոլար) տուգանք մը սահմանեց Քըլըճտարօղլուի դէմ, ինչ որ ցարդ մեծագոյնն էր իր տեսակին մէջ։
Էրտողանի փաստաբանները ցարդ աւելի քան 1800 դատեր բացած են «նախագահը վարկաբեկել»ու ամբաստանութեամբ։
Նոյն օրը, սակայն, Էրտողան այլ դատ մը եւս բացաւ Քըլըճտարօղլուի դէմ, այս անգամ մէկ միլիոն լիրայի հատուցում պահանջելով՝ յիշեալին կողմէ զանազան առիթներով իրեն դէմ կատարուած նախատինքներուն ու հրատարակուած տգեղ ծաղրանկարներուն համար։
Ծաղրանկարներէն մէկը՝ «Թայի-փի աշխարհը», ուր Էրտողանի գլուխը ցոյց կը տրուի տարբեր անասուններու վրայ, պատճառ դարձած էր, որ զայն ցուցադրած 4 համալսարանական ուսանողներ ձերբակալուին իրենց շրջանաւարտից հանդէսին ընթացքին։
Էրտողանի փաստաբանը նոր դատին գծով տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Քըլըճտարօղլու այլեւս սովորութիւն դարձուցած է նախագահ Էրտողանի դէմ գործածելու անպատասխանատու ու չափազանց կոշտ ոճ մը՝ յարձակելով Էրտողանի անձնական իրաւունքներուն վրայ ու նախատելով անոր անձը։ Քըլըճտարօղլու Էրտողանը ամբաստանած է հակակշռուած պետական հարուած կազմակերպելու, այս հարուածէն շահ ապահովելու, դատաւորներուն, դատախազներուն ու փաստաբաններուն հրահանգներ տալու, Կիւլենի շորժումին քաղաքական մէկ թեւը ըլլալու, երկրին մէջ բռնակալութիւն հաստատելու եւ զանազան այլ մեղադրանքներով, որոնք անհիմն ու անիրաւ պնդումներ են»։