ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- 20 Յուլիսին, Ատրպէյճանի առաջին տիկին եւ առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւա հանդիպում մը ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ներքին գործոց նախարարներուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին, Ալիեւա նշեց. «Կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այն հանգամանքին վրայ, որ Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի մարզին մէջ ապօրինի տնտեսական գործունէութիւն կը ծաւալեն շարք մը արտասահմանեան ընկերութիւններ: Ներկայ դրութեամբ, բացայայտուած են 177 նման ընկերութիւններ: Բացի այդ, գրաւեալ տարածքներ տեղափոխուած են օտար երկրներու 710 քաղաքացիներ: Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի անբաժանելի մասնիկն է եւ ամբողջ աշխարհը կը ճանչնայ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը: Նման գործունէութիւն կոպտօրէն կը խախտէ Ատրպէյճանի օրէնսդրութիւնը»: