ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Կազեթա».- Միացեալ Նահանգներու մօտ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփ Հելսինքիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կարեւոր բանաւոր համաձայնութիւններ ձեռք բերին: Դեսպանին համաձայն՝ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն միջեւ «բաւական յագեցած եւ լուրջ զրոյց տեղի ունեցաւ»՝ աւելցնելով, որ անոնց միջեւ խորհրդակցութիւնները շատ կարեւոր են ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.