Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ատլեր շրջանին մէջ, հրդեհի հետեւանքով զոհուածներու շարքին կան 4 հայեր։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ «Ֆէյսպուք»ի եւ «Թուիթըր»ի իր էջերուն միջոցաւ։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ կայ նաեւ հայ վիրաւոր մը: Աւելի շուտ հաղորդուած էր, թէ մէկ հայ զոհ կայ:
«Աւելի վաղ ՀՀ արտակարգ իրավիճակների նախարարութիւնը յայտնել էր, որ Յուլիսի 30ին, ժամը 11:47ին ՌԴ ԱՃԿԿ միջազգային համագործակցութեան գլխաւոր մասնագէտից տեղեկատուութիւն է ստացուել ՀՀ ԱԻՆ Փրկարար ծառայութեան Ճգնաժամային կառավարման ազգային կենտրոն, որ Յուլիսի 30ին ժամը 05:40ին (Մոսկուայի ժամանակով) Սոչի քաղաքի Ադլերի շրջանի Պրոսուէշչենիայ փողոցի թիւ 81 տանը (2 յարկանի, 300 քառ.մ) բռնկուած հրդեհի հետեւանքով զոհուել է 8, տուժել՝ 11 քաղաքացի։ ժամը 12:04ին կապ է հաստատուել Կրասնոդարի երկրամասի ՃԿԿ ՕՀի հետ. վերջինս հաղորդել է, որ զոհուածներից մէկը՝ ՀՀ քաղաքացի Նիրվարդ Ստեփանի Յարութիւնեանն է (ծնուած 1950թ.)», կը նշուի նշեալ տեղեկատուութեան մէջ: