ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի աարտաքին գործոց նախարար Զօհրաբ Մնացականեան Հինգշաբթի, 2 Օգոստոսին ընդունեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, զօրավար Ալեքսանտր Ֆոմինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրը, Զօհրաբ Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը՝ թէ՛ երկկողմ եւ թէ բազմակողմ ձեւաչափերով: Այս պարունակին մէջ, նախարարը ընդգծեց, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) յետագայ ամրապնդումը եւ յանձնառու է շարունակելու իր գործօն ներգրաւուածութիւնր այդ նպատակով:
Զօհրաբ Մնացականեան եւ Ալեքսանտր Ֆոմին քննարկեցին ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր: