ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը 2 Օգոստոսին գրած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւնները նշմարած են նշաններ, որ Հիւսիսային Քորէա նոյն թափով կը շարունակէ ջանքերը միջցամաքամասային հրթիռներու արտադրութեան, որ կ՛իրականացուի մայրաքաղաք Փիոնկիանկին մօտերը գտնուող արտադրական համալիրին մէջ:
Թերթը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն իրողութեան վրայ, թէ հակառակ անոր, որ Փիոնկիանկ նոյն թափով կը շարունակէ նաեւ հիւլէական զէնքերու արտադրութեան գործունէութիւնը, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջերս պնդած էր, թէ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հիւլէական սպառնալիքը կարելի եղած է չէզոքացնել։
3 Օգոստոսին, Սինկափուր այցելած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ընդունեց, թէ Հիւսիսային Քորէա հեռու է Քորէական թերակղզին հիւէլէական զէնքերէ զերծ գօտի մը դարձնելու խոստումին իրականացումէն։