ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ հայոց Պատրիարքարանի խորհրդակցական մարմինը Չորեքշաբթի, 1 Օգոստոսի յետմիջօրէին գումարեց իր հերթական ժողովը: Նկատի ունենալով, որ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան կը մասնակցէր Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերին՝ Իպրահիմ Քալընի եւ փոքրամասնութիւններու առաջնորդներու հանդիպման, Խորհրդակցական մարմինի ժողովը այս անգամ տեղի ունեցաւ առանց իր նախագահութեան: Սրբասանը այդ հաւաքոյթէն վերադարձին, բաւական ուշ միացաւ Խորհրդակցական մարմինի անդամներուն, որոնց մանրամասնութիւններ փոխանցեց հանդիպման մասին: Բաց աստի, ան ալ իր հերթին ժողովականներէն տեղեկութիւններ քաղեց նախորդ օրը ծաւալած աշխատանքին առընչութեամբ:
«ՀԱՅՃԱՐ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը Նոյն օրը հիւրընկալեց «Հայճար»էն երկու ներկայացուցիչնե՝‘ Գէորգ Էօզգարակէօզն ու Լեռնա Իւշենմէզը: Այս առթիւ անոնք փոխանցեցին բազմաբնոյթ բացատրութիւններ: Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Լեռնա Իւշենմէզ առաջին հերթին անդրադարձան պատրիարքարանի շէնքի պարագային ձեռնարկուած նորոգութեան աշխատանքներուն: Մասնագիտական եւ նիւթական երեսակներով անոնք արտայայտեցին իրենց դիտարկումները:
Բաց աստի, Հայճար»ի ներկայացուցիչները խօսեցան այս կազմակերպութեան ծով փորձառութեան շուրջ՝ Անատոլուի երբեմնի կամ այժմու հայկական սրբատեղիներու հարցերուն առընչութեամբ: Արդարեւ, ընթացակարգային իմաստով գրեթէ յար եւ նման են պարագաները՝ գաւառի մեր այժմու եկեղեցիներու կամ մեր համայնքի ձեռքէն գացած երբեմնի աղօթատուներու պարագային: Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Լեռնա Իւշենմէզ ընդգծեցին, որ Հայճար»ը միշտ պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ իր աջակցութիւնը բերելու եւ ծրագիրներուն ալ զօրակցելու իմաստով: Հայճար»ի ներկայացուցիչները շեշտեցին նաեւ, որ անկախ տուեալ ժամանակաշրջանի վարչութեան կազմէն՝ կառոյցը սկզբունքօրէն միշտ պատրաստակամ է պատրիարքական աթոռի խնդրանքներուն ընդառաջելու:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Խորհրդակցական մարմինի անդամները նոյն օրը հիւրընկալեցին նաեւ պատրիարքարանի երիտասարդաց նորաստեղծ յանձնախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Արի Չոլաքի: Շուրջ քսան երիտասարդներէ բաղկացեալ այս կազմը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց աշխատանքի իր պատկերացումներուն եւ յառաջիկային առնուելիք քայլերուն շուրջ:
Երիտասարդները այդ բոլորը ներկայացուցին գրքոյկի մը ձեւաչափով: Անոնք փափաք յայտնեցին ժողովի ամբողջ տեւողութեան սկզբունքօրէն խօսիլ հայերէնով: Լեզուի զգայնութիւն արտայայտելու առընթեր, երիտասարդները շեշտեցին, որ մեծապէս կը կարեւորեն եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը պոլսահայ իրականութենէն ներս:
Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամներու մեկնումէն ետք Խորհրդակցական մարմինի անդամները ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին անոնց կողմէ ներկայացուած ծրագիրը:
Առաջին տպաւորութեամբ նորաստեղծ յանձնախումբին կողմէ առնուած սկզբնական քայլերը Խորհրդակցական մարմինի անդամներուն կողմէ բարձր գնահատուեցան:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»