ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հերքեց իր կապը Մխչեան գիւղի նախկին վերանորոգման գործարանի տարածքէն ԱԱԾի աշխատակիցներու յայտնաբերուած ապօրինի զէնքին հետ: Այժմ կը ստուգուի խուզարկութեամբ յայտնաբերուած զէնքերու ձեռքբերման աղբիւրները եւ անոնց՝ 1 եւ 2 Մարտ 2008ին գործադրուած ըլլալու հանգամանքը:
«Ես այդ զէնքի եւ տարածքի հետ որեւէ առընչութիւն չունեմ եւ տեղեակ չեմ, թէ զէնքը, որի մասին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմից հաղորդագրութիւն տարածուեց, ինչպէս է յայտնուել այնտեղ», ըսաւ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
Աբրահամեան նաեւ հերքեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած այն պնդումը, թէ տարածքը, ուր յայտնաբերուած է ապօրինի զէնքը, փաստօրէն կը պատկանի նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին:
«Այն Ամբիկ Գէորգեանին է պատկանում, ես դրա փաստացի սեփականատէրը չեմ: Ես ո՛չ այդ տարածքի, ո՛չ էլ այդ զէնքի հետ որեւէ առընչութիւն չունեմ», պնդեց Յովիկ Աբրահամեան:
Ան նաեւ հաստատեց հրապարկուած այն տեղեկատուութիւնը, թէ ինք «Մարտ 1»ի գործով կանչուած է հարցաքննութեան. «Այո, հարցաքննութիւն եղել է, բայց ես տեղեակ չեմ, թէ այդ զէնքն ինչպէս է յայտնուել այդ տարածքում»: