ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 1ի գործով նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի նկատմամբ մեղադրանք չէ առաջադրուած: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պետ Սասուն Խաչատրեան՝ նշելով, որ այդ նախաքննական գաղտնիք է, երկրորդ՝ որեւէ անձի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուելու պարագային, այդ մասին հրապարակում տեղի կ՛ունենայ ենթակային կողմէ: Անդրադառնալով Յովիկ Աբրահամեանի եղբօր՝ ՅՔԾ պետը նշեց, թէ ան այս պահուն ունի կասկածեալի կարգավիճակ:
«Յովիկ Աբրահամեանի եղբայրը այս պահուն ունի կասկածեալի կարգավիճակ. կասկած կայ, որ ան ապօրինի զէնք պահած է», ըսաւ Սասուն Խաչատրեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մարտ 1-2ի դէպքերուն հետ ինչ կապ կրնայ ունենալ Յովիկ Աբրահամեանի առանձնատունէն ԱԱԾի կողմէն յայտնաբերուած զէնքը՝ ՅՔԾ պետը ըսածւ. «Տեղեկութիւն կայ, դուք ալ տեղեակ էք, բազմաթիւ անգամներ խօսուած է այդ մասին, որ Մարտ 1ին, կանոնաւոր բանակէն բացի, եղած են նաեւ զինուած խումբեր. հիմա նախաքննութեամբ կը ստուգուի այդ վարկածը»:
«Սերժ Սարգսեան որեւէ կերպով պիտի ներգրաւուի՞ Մարտ 1ի գործով» հարցումին պատասխանելով՝ Սասուն Խաչատրեան ըսաւ, որ պիտի հարցաքննուին բոլոր անոնք, որոնք կրնան տեղեկութիւն ունենալ այդ գործին վերաբերեալ: «Նախաքննութիւնն է, որ պիտի որոշէ՝ մեկնելով գործի շահերէն», աւելցուցած է ան:
Սէյրան Օհանեանի նկատմամբ, որ 1 Մարտ 2008ին Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետն էր, եւս մեղադրանք չէ առաջադրուած: