ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ոչ-հասութաբեր «Քոտ 3 Էյնճըլզ» կազմակերպութիւնը 2016ին հիմնուած է բժշկական շտապ օգնութեան սպասարկութիւններ եւ մարզումներ տրամադրելու համար զարգացող երկիրներու, ներառեալ՝ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին կարիքաւոր համայնքներու։
«Մեր նշանաբանն է՝ «Իւրաքանչիւր կեանք արժէքաւոր է», եւ մեր նպատակն է իրականացնել այնպիսի ծրագիրներ, որոնք պիտի բարելաւեն շտապ օգնութեան մասնագէտներու ձիրքերու զարգացման՝ երեխաներու եւ չափահասներու բժշկական հարցերու արագ ախտաճանաչման եւ վերակենդանացման գծով», կը յայտնէ «Քոտ 3 Էյնճըլզ»ի հիմնադիր եւ ատենապետ Ճոզէֆ Գրիգորեան։
Կազմակերպութիւնը վերջին քանի մը տարիներուն նման մարզումներ իրականացուցած է Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Մեքսիքայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Ճոզէֆ Գրիգորեան Փասատինայի ՀԵԴի գործօն անդամ եղած է, ինչպէս նաեւ անդամակացած շրջանի հայկական զանազան կազմակերպութիւններու եւ մասնակցած է դէպի Հայաստան եւ Արցախ բարեսիրական առաքելութեանց։
2017ի աշնան, «Քոտ 3 Էյնճըլզ»ը իրականացուց դէպի Հայաստան իր անդրանիկ առաքելութիւնը՝ ձրի մարզումներ կատարելով Երեւանի, Գիւմրիի եւ Ծաղկաձորի, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ, կենսարար գիտելիքներ փոխանցելով աւելի քան 300 մասնագէտներու եւ քաղաքացիներու։
Մայիս 2018ին, «Քոտ 3 Էյնճըլզ»ի անձնակազմի անդամներ, ինչպէս նաեւ կամաւորներ, վերադարձան Հայաստան եւ Արցախ՝ շարունակելով իրենց դաստիարակչական գործունէութիւնը եւ մարզումները։
Մայիս 30ին, անոնք Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանին մէջ էին, իսկ Յունիս 5ին՝ մարզումներ իրականացուցին Թալինի ոստիկանական բաժանմունքին եւ Գիւմրիի «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ապա՝ յաջորդ օրը՝ Երեւանի «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ։
Այս տարուան այցելութեան ընթացքին, Ճոզէֆ Գրիգորեան եւ գործակիցները հանդիպումեր ունեցան Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ առողջապահութեան նախարարներուն հետ՝ քննելով երկրի հիւանդապահներուն եւ ուսուցիչներուն շտապ օգնութեան գիտելիքներ փոխանցելու եւ մարզումներ կատարելու համապարփակ ծրագիր մը իրականացնելու կարելիութիւնները։
«Նախարարութեան հետ մօտէն գործակցելով պիտի ներկայացնենք իւրաքանչիւր շրջանի մէջ այս առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու միտող ամբողջական ծրագիր մը, որմէ ետք պիտի անցնինք գործի», կը յայտնէ «Քոտ 3 Էյնճըլզ»ի գործողութեանց վարիչ Ռաֆֆի Սենեքերիմեան։
Ճոզէֆ Գրիգորեան Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ քաղաքի հրշէջներու բաժանմունքի պետ Սասուն Սարուխանեանի հետ՝ քննելով գործակցութեան կարելիութիւնները։
Յիշեցնենք, որ «Քոտ 3 Էյնճըլզ»ը նաեւ գործակցած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Մեր զինուորներու կողքին» արշաւին հետ, շտապ օգնութեան 500 ծրարներ եւ բժշկական այլ իրեր հասցնելով Արցախի բանակին:
«Քոտ 3 Էյնճըլզ» կազմակերպութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր օժանդակելու կարելիութեանց ծանօթանալու համար, այցելել www.code3angels.org կայքը կամ դիմել info@code3angels.org հասցէին ու (626) 296-0090 թիւին։ Անոր գլխաւոր գրասենեակի հասցէն է՝ 376 N. Allen Ave., Pasadena, CA 91106։