Երկուշաբթի, 20 Օգոստոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժըմայէլի:
Շուրջ ժամ մը տեւած այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ Լիբանանը յուզող քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային հարցերու: