Շաբաթ, 18 Օգոստոսին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի շէնքը եւ իր գնահատանքը յայտնեց տեսուչ հայր սուրբին, ինչպէս նաեւ տեսչական անդամներուն, Դպրեվանքին մէջ կատարուող վերանորոգման աշխատանքներուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած բծախնդրութեան ու նախանձախնդրութեան համար:
Յայտնենք, որ ննջարաններու եւ յարակից սենեակներու վերանորոգութեան աշխատանքներուն իրենց նիւթական օժանդակութեամբ մասնակցեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմէն Մարտիկ Պուլտուգեան եւ Ռաֆֆի Օհանեան:
Վեհափառ հայրապետը այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց բարերարներուն՝ վերահաստատելով Դպրեվանքին առաքելութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Նշենք, որ Դպրեվանքի յառաջիկայ կրթական-ուսումնական տարեշրջանը պիտի սկսւի Հոկտեմբերին՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին օրը: Անոնք, որոնք կը փափաքին Դպրեվանքի սան դառնալ, կրնան կապ հաստատել Դպրեվանքի հսկիչ հայր սուրբին հետ՝ հեռաձայնելով +961 79 305 838 թիւին: